Լոնտոնի Մէջ Զօրանոցի Մը Մօտ Բրիտանացի Զինուոր Մը Սպաննուեցաւ

Հարաւարեւելեան Լոնտոնի Վորուիչ շրջանին մէջ գտնուող զօրանոցի մը մօտ բրիտանացի զինուոր մը յարձակումի մը ենթարկուելով սպաննուեցաւ: Ոստիկանութեան հետ կատարուած հրացանաձգութեան մը ընթացքին երկու կասկածելիներ վիրաւորուելով հիւանդանոց փոխադրուեցան:

Դէպքէն ետք Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն Փարիզ իր այցելութիւնը ընդհատելով վերադարձաւ Լոնտոն: Վարչապետին գրասենեակը յայտնեց, որ իրենք դէպքը ահաբեկչական յարձակում մը կը նկատեն:

Կասկածելիներէն մէկը յայտնեց, որ յարձակումը իսլամներու սպանութեան փոխհատուցում է եւ «բրիտանացի զինուորին սպանութիւնը ակն ընդ ական եւ ատամն ընդ ատաման է»:

Share this Article
CATEGORIES