Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան իրաւունք չունէր զիջելու քրիստոնեաներուն քուէներէն` աւելցնելով, որ Պքերքէի դռները բոլորին դիմաց բաց են:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ երէկ Մուսայթպէի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը պատասխանատուներու հետ, որոնք շեշտեցին Լիբանանի ազգային շահերը հետապնդող կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը:

ՄԻՋԻՆ Արեւելքի հարցերը հետապնդող բրիտանացի պետական նախարար մը շեշտեց, որ իրենք ստուգած են եւ փաստած, որ Հըզպալլայի զինուորական թեւը ահաբեկչական գործողութիւններ կը կատարէ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնը փոխարինող Իմատ Օսմանէն պահանջեց շէյխ Նասսարի Սայտա մուտքը արգիլել:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ռիֆաաթ Իտ յայտնեց, որ իրենց վրայ ճնշում բանեցնելու եւ իրենց հակադարձութիւնը կասեցնելու նպատակով հաղորդակցութիւնները հասած են Դամասկոս:

ԱԶԵԶԻ մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ երեսփոխան Օքապ Սաքըրը իրենց հարազատներու առեւանգումին մեղսակից կը նկատեն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ ապահովական իրավիճակը հետզհետէ պիտի վատթարանայ, եթէ այդ իրադարձութիւններուն միջամտելու յստակ ցուցմունքներ չտրուին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ Լիբանանի քաղաքական կացութիւնը կ՛ուղղուի խորհրդարանի նստաշրջանը վեց ամիսով երկարաձգելու:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ շեշտեց, որ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու առաջնորդներուն հարցը զուտ մարդկային հարց մըն է եւ ոչ մէկ կապ ունի քաղաքականութեան հետ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ եթէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իսկապէս կը նեղանայ Սուրիոյ տագնապին մէջ Հըզպալլայի միջամտութենէն, ապա թող վերջ տայ Հըզպալլայի հետ իր համաձայնութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES