Ժոմպլաթ Բանակին Պաշտպանութիւնը Առաջնահերթ Կը Նկատէ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա»-ի մէջ լոյս տեսած իր շաբաթական յօդուածին մէջ նշեց, որ լիբանանեան բանակին պաշտպանութիւնը առաջնահերթութիւն է:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն զօրակցելու լիբանանեան բանակին, որպէսզի ան կարենայ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը` Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրներուն եւ ներքին լիբանանեան երկփեղկումներուն դէմ:

Ժոմպլաթ ընդգծեց բանակին քաղաքական բացարձակ զօրակցութիւն եւ հովանաւորութիւն տրամադրելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ բանակը պաշտպանելը շատ աւելի կարեւոր է, քան ընտրական օրէնքին վերաբերող «բեմադրութիւնները»:

Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ այս հանգրուանին երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը պիտի ըլլայ լաւագոյնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES