Պըրրի Մտահոգ Է Հիւսիսային Լիբանանի Իրավիճակով

Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց ներկայութեան ան մտահոգութիւն յայտնեց հիւսիսային Լիբանանի եւ լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ տիրող իրավիճակին մասին:

Անդրադառնալով ընտրական օրինագիծին եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն` Պըրրի հաստատեց, որ ինք պիտի շարունակէ իր հաղորդակցութիւնները` յանգելու համար որոշ եզրակացութեան:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ մինչեւ օրս ընտրական օրինագիծը քննարկող խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբին աշխատանքին իմաստով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է:

Պըրրի ընդունեց նաեւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուին:

 

Share this Article
CATEGORIES