Ֆրենժիէ. «Կը Զօրակցինք Դիմադրութեան` Անոր Բոլոր Որոշումներուն Պարագային»

Ֆրենժիէ` դասախօսութեան ընթացքին

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ընդառաջեց Լիբանանեան համալսարանի Հատասի բաժանմունքին մէջ Հըզպալլայի ուսանողական թեւին հրաւէրին եւ Դիմադրութեան ու ազատագրութեան տօնին առիթով դարձաւ համալսարանին հիւրը:

Իր կեցուածքներուն մէջ Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք մնայուն կերպով կը զօրակցի Դիմադրութեան եւ անոր ուղեգիծին` սկսեալ Լիբանանէն եւ հասնելով մինչեւ Քուսէյր, որովհետեւ Դիմադրութեան ծրագիրը ամբողջական է:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ յայտարարուած ամբողջ պատերազմին նպատակն է հարուածել ու քանդել Դիմադրութեան առանցքը:

«Թող բոլորը լաւ իմանան, որ մենք երէկ, այսօր, վաղը եւ մէկ դար ետք պիտի զօրակցինք Դիմադրութեան` անոր բոլոր որոշումներուն», ըսաւ ան:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային մասին իր բնորոշումին մէջ Ֆրենժիէ ըսաւ, որ ան բառին բուն իմաստով ղեկավար է, «իսկական ղեկավար», յայտնեց Ֆրենժիէ` աւելցնելով, որ ապագային մեր զաւակներն ու թոռները եւ ծոռերը երանի պիտի տան մեզի, որ ապրած ենք սէյիտ Նասրալլայի ժամանակաշրջանը:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք շաբաթական դրութեամբ կապի մէջ կ՛ըլլայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ` աւելցնելով, որ Քուսէյրի մէջ արձանագրուած յաղթանակին պատճառով չէ, որ Ասատի տրամադրութիւնները բարձր են, այլ` Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր այդ տրամադրութիւնները բարձր են: «Ասատն է, որ մեր տրամադրութիւնը բարձր կը պահէ», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման` Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը թեքնիք երկարաձգումի ենթարկելու, որովհետեւ Լիբանանի ներկայ կացութիւնը կրնայ միայն երկարաձգում հանդուրժել, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնիլ:

«Եթէ առանց համախոհական օրէնքի մը յանգելու երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարենք, ապա Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը, քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ հետագային կատարուելիք աշխատանքները կարելի չեն ըլլար: Այս հանգրուանը անցընելու համար մենք կարիքը ունինք իմաստուններու եւ ոչ թէ խենթերու», յայտնեց Ֆրենժիէ:

Նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆրենժիէ կատակելով ըսաւ. «Այդ մէկը հակառակորդներէն առաջ դաշնակիցներուն հետ կրնայ հարցեր ստեղծել»:

 

Share this Article
CATEGORIES