Սայտայի Մէջ Եւս Ապահովական Միջադէպեր Կ՛արձանագրուին
Սայտայի մէջ օր մը առաջ ստեղծուած զոյգ միւֆթիներու հարցէն ետք, երէկ արձանագրուեցան ապահովական աւելի լուրջ միջադէպեր, երբ Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր եւ անոր հետեւորդները, որոնց միացան նաեւ Ժամաա Իսլամիէն եւ սալաֆական շարժումի անդամներ, Սայտայի գերեզմանատան դիմաց կատարեցին ցոյց մը եւ Սայտայի մայր ճամբուն վրայ անիւներ հրկիզեցին:
Ցուցարարները իմամ Ալի մզկիթին դիմաց գտնուող Վիլլաներու փողոցը փակեցին` արգիլելու համար Հըզպալլայի նահատակ մարտիկներէն Սալեհ Ահմետ Սապպաղի թաղումը այդ գերեզմանատան մէջ:
Լիբանանեան բանակը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեց Սայտայի մէջ` պահպանելու համար շրջանին ապահովութիւնը:
Այս կացութեան իբրեւ հետեւանք Հըզպալլայի նահատակը թաղուեցաւ Սայտայի Տար Ֆաթուային պատկանող Պաուապաթ Ֆաուքայի գերեզմանատան մէջ:
Այս իրադարձութիւններուն մասին Սայտայի կրօնաւորներէն շէյխ Սատեք Նապուլսի յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Սայտայի մէջ համայնքային եւ յարանուանական լարուածութեան առաջքը առնելու` աւելցնելով, որ երէկուան դէպքը հետեւանք է Սայտայի մէջ մնայուն կերպով տիրող յարանուանական գրգռութիւններուն:
«Մենք ճիգ չենք խնայեր Սայտայի մէջ կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանելու առումով եւ կը փորձենք իմաստուն կերպով վարուիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ կացութիւնը հանդարտ պահել», ըսաւ շէյխ Նապուլսի:
Ան շեշտեց, որ նոր կազմուած ուժեր կը փորձեն խանգարել Սայտայի անդորրը, սակայն իրենք յոյս ունին քաղաքացիական անվտանգութիւնը, ազգային համերաշխութիւնն ու ազգային գոյակցութիւնը պահպանելու Սայտայի ղեկավարութիւններուն իմաստութեան վրայ:
Աւելի ուշ, շէյխ Ահմետ Ասիրի հետեւորդները կրակ բացին նահատակ Սապպաղի բնակարանին եւ լիբանանեան բանակին ուղղութեամբ, սակայն բանակը անմիջապէս հակադարձեց կրակոցներուն:

