Նախագահ Սլէյման Շեշտեց Թրիփոլիի Կացութիւնը Հակակշիռի Տակ Առնելու Կարեւորութիւնը

Նախագահ Սլէյման եւ Ալի Հասան Խալիլ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շարունակեց հետապնդել Լիբանանը հարուածող ապահովական իրադարձութիւնները եւ այդ նպատակով ալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընի, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ ապահովական պատասխանատուներու հետ:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց Թրիփոլիի կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու կարեւորութիւնը` միաժամանակ ընդգծելով այլ շրջաններու մէջ բախումներուն առաջքը առնելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման թղթածրարները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց նախարարական յանձնախումբերուն աշխատանքները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Թրիփոլիի իրադարձութիւնները եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած քայլերը` շրջանին մէջ ապահովութիւնը վերահաստատելու նպատակով:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել, որ նախագահին ներկայացուց Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները:

ՆՇԵՆՔ, որ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախագահ Սլէյման վաղը` ուրբաթ, 24 մայիսին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, պիտի այցելէ Եարզէ, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընի, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ բանակի սպայակոյտին հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES