Թրիփոլիի Մէջ. Զինադադար Հաստատելու Ջանքերը Արդիւնքի Չյանգեցան
Թրիփոլիի մէջ նախանցեալ երեկոյեան արձանագրուած բուռն բախումներէն ետք, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ շրջանին մէջ տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն, որ սակայն ընդմիջուեցաւ արձակազէններուն կրակոցներով:
Նախանցեալ գիշեր Սայտայի մէջ հրթիռներու օգտագործումն ու ռմբակոծումները պատճառեցին 12 զոհ եւ վիրաւորեցին 147 ուրիշներ: Բախումներուն պատճառով նահատակուեցան նաեւ լիբանանեան բանակի երկու զինուորներ:
Հակառակ հիւսիսային Լիբանանի մէջ գործող տարբեր ղեկավարներուն կողմէ կացութիւնը հանդարտեցնելու ճիգերուն, արձակազէնները շարունակեցին իրենց գործը, եւ լիբանանեան բանակը ստիպուեցաւ փակել Թրիփոլիի Զահիրիայի մայրուղին եւ Մալլուլէի հրապարակը տանող փողոցը, որոնք ենթակայ էին արձակազէններուն արձակած փամփուշտներուն:
Նշենք, որ Թըպպանէի մօտ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանի անգլերէնով լրատուութեան բաժանմունքի թղթակիցներն ու քամերամէնները ենթարկուեցան կրակոցի:
Միւս կողմէ, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ռիֆաաթ Իտ խոստացաւ յանձնառու մնալ զինադադարին եւ վերջ տալ հակադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ ենթարկուիլ լիբանանեան բանակին հրահանգներուն` փորձելով հանդարտեցնել կացութիւնը:
Պէտք է նշել, որ Պապ Թըպպանէ եւ Պաքքար ընդվզեցուցիչ նկատած են Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղեկատուութեան պատասխանատու Ապտել Լաթիֆ Սալեհի կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Թրիփոլին քնանայ, եւ պիտի կտրեն այն ձեռքը, որ կ՛երկարի Ժապալ Մըհսենի վրայ:
Իր կարգին, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա երէկ ձեռնարկեց հանդիպումի մը` քննարկելու համար Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն վերջ տալու քայլերը, սակայն ոչ ոք ներկայ գտնուեցաւ այդ հանդիպումին: Հանդիպումին մասնակցելու կոչուած անձնաւորութիւնները խոստացան աւելի ուշ Քապպարան տեղեակ պահել զինադադարին մասին իրենց որոշումին մասին:
Նշենք, որ Ժապալ Մըհսենի մէջ երեսփոխան Խտըր Հապիպի թիկնապահներէն Եուսեֆ Ֆաքիր, որ պետական անվտանգութեան ուժերու անդամ է, վիրաւորուեցաւ:
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն յայտարարեց, որ բանակը Թրիփոլիի մէջ հսկայական աշխատանք կը տանի` աւելցնելով, որ բանակին արտօնուած է լիբանանեան բոլոր շրջանները մուտք գործել եւ անիկա քաղաքական արտօնութիւն ստացած է այդ առումով:
Ղոսըն շեշտեց, որ բանակին ծառայութիւնը Լիբանանի ազգային շահերուն օգտին է: Ան կոչ ուղղեց բոլորին ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները եւ վերջ տալու Թրիփոլիի ապահովութիւնը խախտողներուն պահպանումին:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով իր արձակած օրուան հրահանգին մէջ նշեց, որ Լիբանանի եւ լիբանանեան բանակին համար այս տօնը ուրախալի ըլլալով հանդերձ, այս տարի երկրին մէջ կը տիրէ զգայուն կացութիւն եւ շրջանային անապահով իրավիճակ, որ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ Լիբանանի վրայ:
Զօր. Քահուաժի անդրադարձաւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն` ընդգծելով, որ այսօր Լիբանանը եւ լիբանանեան բանակը կը գտնուին վտանգաւոր անկիւնադարձի մը վրայ:
«Մենք տարիներէ ի վեր լուռ կը գործենք, երկխօսութիւն կը կատարենք` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը: Սակայն մեր լռութիւնը ըստ երեւոյթին սխալ կը թարգմանուի, հետեւաբար կը հաստատենք, որ բանակը լուռ պիտի չմնայ զինք թիրախ դարձնելու արարքներուն նկատմամբ, եւ անոր որդեգրած քայլերը համազօր պիտի ըլլան լիբանանեան ներքին իրավիճակին վտանգին», շեշտեց զօր. Քահուաժի:
Իր կարգին, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ հանգրուանը արտակարգ է եւ ճակատագրական. ան աւելցուց, որ բանակը բացարձակ իրաւասութիւններ ունի երկրին կայունութիւնը պահպանելու առումով:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպութեամբ Ռաշիտ Քարամէի հրապարակին վրայ կատարուեցաւ ցոյց մը, որուն ընթացքին մերժումի եւ դատապարտումի ձայն բարձրացաւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած բախումներուն դէմ` պահանջելով հաստատել խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:
Քապպարայի սպասած զինադադարին պատասխանը հնչեց ժամը 6:30-ին` արձակազէններուն կրակոցներուն եւ հրթիռարձակումին ընդմէջէն:

