Վահան Յովհաննիսեան Ազգային Ժողովի Ամպիոնէն Սուր Քննադատութեան Կ՛ենթարկէ Հանրապետական Կուսակցութիւնը
Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան ծրագիրին վերաբերեալ ՀՅԴ խմբակցութեան դիրքորոշումը ներկայացնելու ընթացքին Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ այս երկու օրերուն տեսած կրկէսային հնարքներէն ցնցուած է:
«Տարիներ առաջ, երբ այսպիսի ծրագիր կը ներկայացնէին, կ՛ըսէին` տղա՛ք, մենք լաւ ենք: Յետոյ յառաջդիմութիւն եղաւ, կ՛ըսէին` տղա՛ք, մենք լաւ ենք, դուք վատ էք: Հիմա կ՛ըսէք` տղա՛ք, մենք լաւ ենք, դուք վատ էք, բայց եկէք համագործակցինք: Լաւ, եկէք», յայտնեց Յովհաննիսեան:
Պատգամաւորը յայտարարեց, որ երկիրը կը գտնուի ծանրագոյն վիճակի մէջ. պէտք չէ խաբել, անհրաժեշտ է անկեղծ ըլլալ, քանի որ կառավարութիւնը կը կանգնի Ազգային ժողովին մէջ եւ կ՛ուզէ համոզել, որ ժողովուրդը իրենց քուէ տուած է: «Քանի որ դուք լաւ էք, իսկ մենք` վատ, ալ ի՞նչ կ՛ուզէք: Ըրէք ամէն ինչ, դուք էք, չէ՞, ամենախելօքը: Բայց դուք կը հասկնաք, որ իրականութիւնը ատիկա չէ, ու այս երկիրը կարելի է փրկել միասին, ու անով ալ մեր խօսքերը կը տարբերին ձեր խօսքերէն: Մենք չենք չարախնդար ձեր անյաջողութիւններուն վրայ, բայց ձեր մէջ կան մարդիկ, որոնք կը չարախնդան ընդդիմութեան ներքին պառակտումներուն վրայ: Ես կ՛ուզեմ հարց ուղղել իմ սիրելի ընկերոջս` պարոն Աշոտեանին, անոր դրացի պարոն Թովմասեանին, շարք մը այլ նախարարներուն: Դուք եթէ առանձին դնէք ձեր թեկնածութիւնը եւ ձեզ չպաշտպանեն Հայաստանի նախագահը, Յովիկ Աբրահամեանը, ձեզ չպաշտպանեն ոստիկանապետն ու դատախազը, հայկական բանակը, դուք քանի՞ ձայն կը հաւաքէք: Ձեզ այնքան կը ծեծեն դալաններուն ընթացքին, որ դուք ոչ միայն Ազգային ժողովին մէջ չէք մնար, այլ կ՛արտագաղթէք: Դուք կ՛արտագաղթէք, տղա՛ք: Ձեզմէ ոչ մէկը չի կարենար մէկ ձայն հաւաքել, դուք ստեղծած էք համակարգ մը, որուն միջոցով անընդհատ կը վերարտադրուիք: Մեզի կ՛ըսէք` թէ մենք յաղթած ենք, ասիկա ալ քաղաքական գնահատական է: Ես ալ ձեզի հարց կու տամ` արդեօք դուք չէ՞ք տեսներ, թէ ինչ աղէտալի վիճակ է, կը տեսնէք, չէ՞, ուրեմն եկէք` մեզի հետ ազնիւ վարուեցէք: Պէտք չէ չարախնդալ, որովհետեւ ատիկա կը յառաջացնէ ատելութիւն, անջրպետ», յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան:
Ան նաեւ նշեց, որ անվստահութիւնը այնքան խորացած է, որ ոչ ոք նոյնիսկ կը հաւատայ համագործակցութեան անկեղծ հրաւէրին: «Մեծամասնութիւնը համագործակցութիւնը կը պատկերացնէ այսպէս` դուք մեզի մի՛ քննադատէք, որ մենք կարենանք ամէն ինչ ընել: Այդպէս չ՛ըլլար համագործակցութիւնը: Պէտք չէ մեզի ըսել, որ բոլորս նոյն նաւուն վրայ ենք: Մենք գործ ունինք նաւապետերու հետ, որոնց ձեռքին ղեկն է, առագաստները, որոնք քշել ալ չեն գիտեր, բայց կ՛ըսեն` քաղաքական պատասխանատուութիւնը կ՛որոշէ ժողովուրդը», ըսաւ Յովհաննիսեան:
Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ որոշ պատգամաւորներ կը փորձեն Ազգային ժողովին մէջ զգացմունքայնութիւն մտցնել` չարաշահելով «հայրենիք» բառը եւ վերջաւորութեան մեղաւորը կը դառնայ ընդդիմութիւնը:
«Մեր պատգամաւորներէն մէկը կ՛ըսէ, որ այն կուսակցութիւնները որոնք համամասնականի համար կը պայքարէին, յանկարծ տեսան, որ համամասնականով չեն անցնիր: Մարդկային տրամաբանութիւնը տեսէք, փաստօրէն, մարդը պէտք է պայքարի միայն այն բաներուն համար, որոնք իրեն ձեռնտու են: Եթէ իմ կուսակցութիւնս երբեք ալ խորհրդարան չանցնի, ես միշտ պիտի ըսեմ, որ համամասնական ընտրակարգը ամէնէն ճիշդն է», յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան եւ անգամ մը եւս ընդգծեց, որ երկիրը խայտառակ, ծանրագոյն վիճակի մէջ կը գտնուի, իսկ այս ամբողջ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք ոչ ոք չկրցաւ հասկնալ` վերջաւորութեան, աւելի բարեկեցիկ հասարակութիւն սարքելու` կառավարութեան պատճառը ի՞նչ է:

