Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Լաւատեսութիւնը զէնք մըն է, զոր կրնաք օգտագործել դժուար լուծելի հարցերը դիմագրաւելու: Եղէք լաւատես, կ՛օգտուիք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ աճապարէք բանակցութիւն մը կատարելու պարագային: Հանդարտ տրամադրութեամբ կրնաք աւելի լաւ որոշում մը եւ պատասխան տալ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Արժանի էք լաւ հանգիստ մը ունենալու: Մէկ կողմ դրէք այն ամէն աւելորդ գործերը, որոնք կ՛արգելակեն ձեր նոր ծրագիրները:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամուրիներու պարագային, եթէ կը փնտռէք լաւագոյնը ունենալ, ուրեմն մի՛ յոգնիք: Հարցը ձգեցէք ժամանակի կարգադրութեան, մինչեւ որ հանդիպիք ձեր փնտռած գեղեցկուհիին:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ուրիշներ չեն տեսներ եւ չեն գնահատեր ձեր ջանքերը, այն ատեն դուք բարձրաձայն արտայայտեցէք: Ինքնավստահ եղէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ որոշած էք շաբաթավերջին տունէն դուրս ելլելէ առաջ լաւ պատրաստուեցէք, առանց մոռնալու պէտք եղածը: Ուշադրութեամբ հետեւեցէք օրուան անցուդարձերուն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ խոհանոցային աշխատանք մը ունիք, ընդունեցէք քննադատութիւնները, ինչպէս որ պիտի ընդունէիք գնահատականները: Համբերող եղէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ կը կարծէք, որ դժուար է ձեր փափաքածը ունենալ, ապաւինեցէք ձեր կարողութեան, որովհետեւ կրնաք հասնիլ ձեր նպատակին:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հիւանդ չըլլալու համար հարկ է նախազգուշութիւն ձեռք առնել: Ուշադիր եղէք ձեր կերած-խմածին: Լաւ քնացէք: Ուշադիր եղէք նաեւ օդի փոփոխութեան պարագային:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ուժերը մի՛ ցրուէք հոս ու հոն, այլ կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ: Ձեր գործերը յստակ  հիմերու վրայ դրէք եւ որոշեցէք ինքնավստահ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ չէք կրնար ձեր գործերը կատարել այսօր, քիչ մը սպասեցէք, որպէսզի ձեր բարեկամները առիթ ունենան ձեզի տալու յաջողելու նոր ճամբայ մը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ձեր ընելիք աշխատանքները մեծ ու դժուար կը թուին կատարելու, այն ատեն մտածեցէք այդ աշխատանքին արդիւնքին եւ ձեր ունենալիք ուրախութեան: Ուրեմն մի դժուարանաք աշխատելու:

Share this Article
CATEGORIES