50 Տարի Առաջ (24 Մայիս 1963)
«Մայրերու Օր»-ուան Տօնակատարութիւնը
Կիլիկեան Ազգ. Վարժարանի Մէջ
Կիլիկեան ազգային վարժարանի Մայրերու օրուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 13 մայիս 1963, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Արտաւազդ վրդ. Թրթռեանի:
Սրահը լեցուն էր ծայրէ ծայր:
Բացման խօսքը ըրաւ վարժարանի տնօրէնուհի Պ. Մանուկեան:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Եղան մեներգներ, խմբերգներ` դաշնակի ընկերակցութեամբ Հ. Քեքեճեանի:
Անի Քեքլիկեան արտասանեց «Մօր ձեռքերը»:
«Երեք մայրեր» կենդանի պատկերը շատ յաջող էր, ուր Մանիշակ Թուխմանեան մեներգեց «Քուն եղիր բալաս»:
Վ. Թրթռեանին կողմէ պատրաստուած եւ մայրերուն նուիրուած խմբական արտասանութիւնը շատ տպաւորիչ էր:
Առաջին բանախօսուհին էր Էօժենի Պալեան, որ շեշտեց մայրերու զոհաբերութիւնը իրենց ընտանիքներուն հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւնները, զաւակներուն բարեկրթութիւնը, աղջիկներուն տրուելիք հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, որոնք պիտի դառնան մեր ապագայ մայրերը` պահելով մեր եկեղեցին, լեզուն եւ հայրենիքը:
Երկրորդ բանախօսն էր Բիւզանդ Եղիայեան: «Մանուկները իրենց տան պատկերը կը ներկայացնեն,- ըսաւ յարգելի դասախօսը:- Մանուկը ազգին հիմնաքարն է: Մայրը ճարտարապետն է կառոյցին: Մանուկը անտաշ քար մըն է, որ արուեստագէտ մօր մուրճի ճարտար ու նուրբ հարուածներուն ներքեւ կը գեղակերտուի` պատկերացնելով մօրը մտատիպարը: Մայրը, համակ զոհողութիւն, բարութիւն, Աստուծոյ հաճոյ էակ մըն է»:
Փակման խօսքը ըրաւ հայր սուրբը: «Աշխարհի ամենաքաղցր բառը, ամէն լեզուներու, ամէն տարիքի եւ ամէն սեռի համար մայր բառն է,- ըսաւ հայր սուրբը:- Երանաշնորհ Զարեհ վեհափառին մահուան անկողնոյ մէջ արտասանած վերջին բառը եղած է` «Ա՜խ մայրիկ»: Զաւկի մը նուազագոյն վիշտը մօր սրտին ամենամեծ ցաւն է եւ նուազագոյն ուրախութիւնը` անոր ամենամեծ հաճոյքը: Որովհետեւ մայրն է, որ իր էութենէն կեանք պարգեւած է, իր կաթին հետ իր արիւնը փոխանցած է եւ իր շունչին հետ իր սիրտը տուած է անոր: Մայրը իր տան ճրագն է, իր զաւակները պէտք է դաստիարակէ կրօնական եւ ազգապահպանման լոյսին տակ»:
Հայր սուրբին օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ հանդէսը:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Երէկ Անթիլիասի Մէջ Չորս Սարկաւագներ
Աբեղայ Ձեռնադրուեցան
Երէկ` հինգշաբթի, 23 մայիս 1963, Համբարձման տօնին առթիւ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ աբեղայական ձեռնադրութիւն` նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի:
Մայր տաճարի զոյգ զանգակներուն ուրախ ղօղանջներուն հետ, ժամը 9:00-ին Ս. պատարագը սկսաւ զուարթ հնչիւններով:
Պատարագեց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց ամերիկահայոց առաջնորդ Հրանդ եպս. Խաչատուրեան:
Չորս ընծայեալները` Արա սրկ. Մանճիկեան, Բարսեղ սրկ. Օհանեան, Յակոբ սրկ. Թապագեան եւ Զոհրապ սրկ. Պէրպէրեան, աւարտելով դպրեվանքի լրիւ դասընթացքը, միացան Կիլիկեան Ս. Ուխտին` ձեռնադրուելով կուսակրօն աբեղայ եւ վերակոչուելով Եղիշէ աբղ. Մանճիկեան, Կոմիտաս աբղ. Օհանեան, Եփրեմ աբղ. Թապագեան եւ Պետրոս աբղ. Պէրպէրեան:
Ձեռնադրութեան եւ օծման նկարագրականը պիտի տանք մեր վաղուան թիւով:
Հայ Ժողովուրդը Մեծ Բազմութեամբ Իր Յարգանքը
Պիտի Յայտնէ Հանրապետութեան Նախագահին
Անթիլիաս Այցելութեան Առիթով
Յառաջիկայ կիրակի, 26 մայիս, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապ տարեկան իր աւանդական այցելութիւնը պիտի տայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:
Նախագահական այս բարեբաստիկ այցելութիւնը առաւել եւս նշանակութիւն կը ստանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսի` Խորէն Ա.ի ընտրութեան առիթով: Նոյն ատեն, այս այցելութիւնը, անկախ հայ համայնքին ընծայուած պատիւէն, առիթ կու տայ մեր ժողովուրդին` իր յարգանքն ու հաւատարմական զգացումները յայտնելու նախագահին եւ անոր բարձր անձին միջոցով` լիբանանեան պետութեան:
Կիրակի օր Անթիլիասը դարձեալ պիտի ողողուի հազարաւոր բազմութիւններով, որոնք յանձին նախագահին պիտի ողջունեն ասպնջական Լիբանանի գերագոյն պետը, որուն հաստատած վարչակարգին ներքեւ լիբանանեան բոլոր համայնքները կ՛ապրին եղբայրական համերաշխ մթնոլորտի մէջ` ի խնդիր այս սիրելի երկրին բարգաւաճման եւ վերելքին:
Կիրակիի հանդիսութիւնը փոխադարձ սիրոյ ու համակրանքի արտայայտութիւն մը պիտի ըլլայ` մասնակցութեամբ ժողովրդային լայն զանգուածներու, որոնք պիտի լեցնեն Անթիլիասի մայրավանքին շրջափակն ու մերձակայքը:
Վստահ ենք նախագահին ժողովրդային այս սրտաբուխ արտայայտութեան մէջ անգամ մը եւս պիտի հաստատէ հայ ժողովուրդին անվերապահ փարումը յաւերժական Լիբանանի անկախութեան` փառքի ու մեծութեան մէջ:

