Արուեստի Աշխարհէն. Մէկ Երկվայրկեանի Մէջ Մէկ Թրիլիոն Կէտեր Արձակող Լոյսը Գաղտնիքներ Կը Բացայայտէ…
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Մակերեսին երեւցող հռչակաւոր որմանկարը` «Թրուա օմ արմ տը լանս» կը նկատուի հռոմէական կեղծուած գործ մը:
ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ԿԻՐԱՐԿՈՒԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՊԱՅՈՒՍԱԿՆԵՐԸ ՆԿԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԱՅԺՄ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ ՓԱՐԻԶԻ ԼՈՒՎՐ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷԿ ՈՐՄԱՆԿԱՐԻՆ ԵՏԻՆ ԹԱՔՆՈՒԱԾ ԳԵՂԱՆԿԱՐ ՄԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.
Կ՛ենթադրուէր, թէ Ճիամփեթրօ Քամփանա «Թրուա օմ արմ տը լանս» (սուրով զինուած երեք տղամարդ) վերնագիրով որմանկարը կեղծած էր իբրեւ հնութիւն` հռոմէական ժամանակներէն մնացած պատի բեկորի մը վրայ:
Այժմ նոր ուսումնասիրութիւն մը մտածել կու տայ, թէ կեղծուած գործին ետին թաքնուած է հռոմէական իրական որմանկար մը:
Յայտնաբերումին լուրը յայտարարուեցաւ ապրիլին, Ամերիկեան քիմիագիտական միութեան մէկ հանդիպումին առիթով, Ռոչեսթըր համալսարանի գիտաշխատող Պիանքա Ճեքսընի կողմէ:
Մէկ երկվայրկեանի մէջ մէկ թրիլիոն կէտեր արձակող լոյսով նկարող գործիքներ կարողութիւնը ունին թափանցելու մակերեսներու խորը, առանց վնաս պատճառելու անոնց: Անոնք վերջին տարիներուն կը գործածուին քննելու համար մշակութային ժառանգութեան վերաբերող իրեր:
Այս արհեստագիտութեամբ օժտուած գործիքները կը պարունակեն ելեկտրամագնիսային շարք մը ճառագայթներ, Քէ. ճառագայթէն մինչեւ անդրմանիշակագոյն եւ անդրկարմիր ճառագայթներ, եւ անշուշտ մանրադիտակ մը` տեսանելի լոյսով:
Մէկ երկվայրկեանի մէջ մէկ թրիլիոն կէտեր արձակող լոյսը (թեթրահերց լայթ), որ լուսապատկերին վրայ կը գտնուի անդրկարմիր լոյսին կողքին, կը գործածուի հեռուէն հակակշռող գործիքներու (ռիմոթ քոնթրոլ) եւ մանրալիքով (մայքրոուէյվ) փուռերու մէջ: Այս արհեստագիտութեամբ նկարող գործիքները հետզհետէ աւելի տիրական կը դառնան օդակայաններու եւ թանգարաններու մէջ, որովհետեւ կրնան տեղեկութիւններ հաւաքել` առանց որեւէ վնաս պատճառելու:
«Ասիկա շատ գործնական է մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան համար, որովհետեւ արհեստագիտական բազմաթիւ այլ միջոցներ, ինչպէս` Քէ. ճառագայթներ կամ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներ մոլեքիւլներու որոշ քայքայում կը պատճառեն», ըսած է Ճեքսըն` հանդիպումին առիթով:
«Հետեւաբար, մինչ նման գործիքներ կը ծառայէին տեղեկութիւններ քաղելու` որոշ հնութիւն մը պահպանելու նպատակով, անդին` անոնք կը ստեղծէին տուեալ իրը փճացնելու վտանգը»:
Ճիամփեթրօ Քամփանա 19-րդ դարու անուանի հաւաքածոյ պահող մըն էր, որուն մասնագիտութիւնը հռոմէական հնութիւններն էին: Սակայն ան իր ասպարէզին վերջաւորութեան հնութիւններ գնելէ եւ վաճառելէ աւելի` վերանորոգութիւններ կը կատարէր կամ ուղղակի կը ստեղծէր հռոմէական ոճի գործեր եւ զանոնք կը վաճառէր իբրեւ իրական:
Քէ. ճառագայթով օժտուած ֆլորեսան լոյսով քննութիւններ, որոնք կը ծառայեն ցանկագրելու իրի մը բոլոր հիւլէները, նախապէս ցոյց տուած են, թէ «Թրուա օմ արմ տը լանս»ը կը պարունակէ հիւլէներ, որոնք գոյութիւն չունին որմանկարին մակերեսին վրայ:
Թանգարանին պատասխանատուները Ճեքսընն ու անոր պաշտօնակիցները հրաւիրած են մէկ երկվայրկեանի մէջ մէկ թրիլիոն կէտեր արձակող լոյսով նկարելու զայն, ի յայտ բերելու համար այն, ինչ որ թաքնուած է որմանկարին ետին:
«Որոշ տեղեկութիւններ քաղելէ եւ վերլուծելէ ետք յաջողեցանք գտնել կարգ մը նշաններ, որոնք կը կազմէին որմանկարին մակերեսին ետին պատկերուած կերպար մը, որ ունէր երկու աչքեր, յօնքեր, քիթ, բերան, ծնօտի մը շուքը», կը բացատրէ ան:
Այժմ պէտք է ապացուցել, թէ որմանկարին մէջ ծածկուած պատկերը հռոմէական է: Սակայն ինքնին Քամփանայի անցեալը մտածել կու տայ, թէ իրօք, պատկերը հռոմէական է: Հաւանաբար անիկա պարզապէս անորակ էր:
«Եթէ այցելէք ԻՊէյ եւ տեսնէք, որ համացանցի աճուրդի այս կեդրոնին մէջ Ն. Ք. 200-ական տարիներու հռոմէական մետաղադրամ մը կը վաճառուի 25 սենթի, ապա շատ հաւանական է, որ անիկա բարձրորակ չէ», կ՛ըսէ Ճեքսըն:
«Հետեւաբար, հաւանական է, որ Քամփանա գծած է ցածորակ պատկերի մը վրայ, որովհետեւ կը մտածէր, թէ աւելի բարձր պիտի գնահատուէր, եթէ գեղեցիկ պատկեր մը դրոշմէր քարի հին բեկորին վրայ»:

