Արուեստի Աշխարհէն. Ճիշդ Պահուն Ճիշդ Վայրին Մէջ Գտնուելու Արուեստը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԿԸ ԹՈՒԻ, ԹԷ ԱՆՈՆՔ ՅԱՐՄԱՐՑՈՒԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ՀՆԱՐՔՆԵՐՈՎ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՅԴՊԷՍ ՉԷ. ԼԵՍԼԻ ԷՆ ԷՐՔՈԼԱՆՈՅԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԱԾ ՏԵՍԱՐԱՆՆԵՐԸ ԻՐԱԿԱՆ ԵՆ ԵՒ Կ՛ԱՐՏԱՑՈԼԵՆ ՓՈՂՈՑԻ ԳԵՂԵՑԻԿ ՈՒ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԱՆՑՈՒԴԱՐՁԵՐԸ ՅԱՏՈՒԿ ՁԵՒՈՎ ՏԵՍՆԵԼՈՒ ԱՆՈՐ ԶԳԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ: «ՏԸ ՔՈԼՈՍԸԼ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ ԱՆՈՐ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ԶՈՒԱՐԹ ԵՆ, ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ` ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ: ՍՏՈՐԵՒ` ՀԱՃԵԼԻ ՊԱՀԵՐ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉԻՆ ՈՍՊՆԵԱԿՈՎ:
Երբ կը դիտենք Լեսլի Էն Էրքոլանոյի նկարած այլազան վիճակները, վայրերը եւ իրերը, կը մտածենք, թէ ան հազուադէպօրէն կը շրջի առանց իր լուսանկարչական գործիքին: Համակարգչային հնարքներու դիմելու փոխարէն` սկովտիացի-իտալացի այս լուսանկարիչը կ՛ապաւինի ճիշդ պահուն ճիշդ վայրին մէջ գտնուելու իր գերբնական կարողութեան` լուսանկարելու համար բացառիկ պատկերներ, որոնք միայն երկվայրկեանի մը համար կը թառին իր ոսպնեակին մէջ: Էրքոլանօ գրեթէ միայն կը լուսանկարէ իր ծննդավայր Էտինպարայի մէջ եւ անոր մերձակայքին` ի յայտ բերելով տարօրինակ եւ երբեմն խորհրդաւոր երեւոյթները քաղաքի մը, զոր կը նկարագրէ իբրեւ ընդհանրապէս զուսպ եւ ներամփոփ: Ան կ՛ըսէ.
«Կ՛ապրիմ եւ կ՛աշխատիմ քաղաքին կեդրոնին մէջ, հետեւաբար գլխաւորաբար այստեղ կը լուսանկարեմ: Սակայն շաբաթավերջերուն, երբ աւելի ժամանակ ունիմ, կը թափառիմ քաղաքէն դուրս, եւ եթէ կլիմայական պայմանները նպաստեն, կ՛երթամ Փորթոպելլոյի ծովեզերքը, ուր կը սիրեմ փնտռել եւ նկարել գեղեցիկ շուքեր: Այստեղ` Էտինպարայի մէջ Մարդիկ շատ ներամփոփ են: Թէեւ կը յարգեմ այս երեւոյթը, որ դժուարութիւն կարելի չէ կոչել, սակայն վստահաբար իր ներգործութիւնը կ՛ունենայ պատկեր մը լուսանկարելու ընտրութեանս մէջ: Էտինպարայի նման հրաշալի քաղաքի մը մէջ ապրելու առաւելութիւնը այն է, որ քաղաքը հինի եւ նորի խառնուրդ մըն է: Պատմութիւնը, խորհրդաւորութիւնը, եւ քիչ մը խենթութիւնը կը մէկտեղուին այստեղ` ստեղծելու համար կախարդանք մը, ինչ որ կը սիրեմ ամէնէն աւելի»:





