Արուեստի Աշխարհէն. Նոր Պատասխան Մը` Վըրմիրի Գաղտնիքին
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Եոհանէս Վըրմիր «Տը փրոքիւրըս» (կաւատ կինը) գծած է 1656-ին: Տրեստենի մէկ թանգարանին մէջ 2004-ին ցուցադրուած այս գեղանկարին պատկանելիութիւնը կասկածելի չէ:
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ԱՆ ԾԱՆՕԹ Է ԻԲՐԵՒ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԱՅԻՆ ՎԱՐՊԵՏ ՄԸ, ՈՐ ԻՐ ԵՏԻՆ ՁԳԱԾ Է ՄԻԱՅՆ 30 ԳԵՂԱՆԿԱՐ, ՈՐՈՆՑՄԷ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐԸ ԱՅՍՕՐ Կ՛ԱՐԺԷ ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐ ՏՈԼԱՐ: ԱՆՈՐ «ԿԵՂԾԵՐԸ» ԵՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ ԽԱԲԱԾ ԵՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԸ, ԻՆՉ ՈՐ ԾՆՈՒՆԴ ՏՈՒԱԾ Է ԴԻՊՈՒԿ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ. Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ԵՒ Ո՛Վ Կ՛ՈՐՈՇԷ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻ ՄԸ ԱՐԺԷՔԸ: ԱՅԺՄ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՊԵՆՃԸՄԻՆ ՊԻՆՍԹՈՔ ԿԸ ՎԻՃԻ, ԹԷ ՀՈԼԱՆՏԱՑԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԻՆ ՎԵՐԱԳՐՈՒԱԾ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐԷՆ ՇԱՏԵՐԸ ԳՈՐԾՆ ԵՆ ԱՆՈՐ ՄԷԿ ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ԿԱՄ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՄԷԿ ԱՆԴԱՄԻՆ: ԱՐԴԵՕՔ ԱՍԻԿԱ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ, ԹԷ ԱՆՈՆՔ ՊԻՏԻ ԿՈՐՍՆՑՆԵ՞Ն ԻՐԵՆՑ ԱՐԺԷՔԸ: ԻՍԿ Ո՞Ր ԱՐԺԷՔԸ. ՆԻՒԹԱԿԱ՞Ն, ԹԷ՞ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ: ՈՄԱՆՔ ՊԻՏԻ ԸՍԷԻՆ, ԹԷ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ Է. ԵԹԷ ԲՈԼՈՐՍ ԳԵՂԱՆԿԱՐ ՄԸ ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ ԻԲՐԵՒ ՎԸՐՄԻՐ, ԱՊԱ ԱՆԻԿԱ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՎԸՐՄԻՐ: «ՆԵՇԸՆԸԼ ՓԱՊԼԻՔ ՌԵՏԻՕ»-Ի ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՎԻՃԱՅԱՐՈՅՑ ՆՈՐ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ:
Արուեստի պատմաբան Պենճըմին Պինսթոքի գեղեցիկ եւ տարօրինակ գաղափարներով նոր գիրքը` «Վըրմիր՛զ ֆեմըլի սիքրըթց» (Վըրմիրի ընտանիքին գաղտնիքները), կը պարունակէ երկու հոյակապ գաղափարներ: Առաջինը ներշնչուած է Նիցչէէն կատարուած հետեւեալ մէջբերումէն.
«Սորված ենք սիրել այն բոլոր բաները, զորս կը սիրենք այսօր»:
Երկրորդ գաղափարը այն է, թէ կարելի չէ ճանչնալ գեղանկար մը` պարզապէս դիտելով զայն: Արուեստի գործ մը կամ արուեստագէտի մը գործը սիրելու համար պէտք է ճիգ թափել: Պինսթոք զայն կը բաղդատէ հեռաւոր մոլորակ մը ուշադրութեան կեդրոն դարձնելու: Ասիկա կ՛ենթադրէ ծանօթանալ եւ ուշադրութիւն դարձնել այն բոլորին, զորս գիտնականներ, պատմաբաններ եւ քննադատներ մտածած են եւ յայտնաբերած, որպէսզի կարելի ըլլայ ճանչնալ գործ մը, որ կը տեսնենք մեր դիմաց:
Պահ մը երեւակայեցէք ընտանիք մը, որուն հայրը գեղանկարիչ է: Մայրը, զաւակները եւ օգնական կինը կը դառնան անոր բնորդները: Հայրը կ՛աշխատի տան մէջ: Անոր արուեստը փոփոխութիւններ կը կրէ եւ կը զարգանայ, մինչ բնորդները կը մեծնան եւ անոնց միջեւ յարաբերութիւնները եղափոխութեան կ՛ենթարկուին: Ժամանակ մը ետք անոր բնորդներէն մէկը, մանուկ մը, կ՛առնէ վրձինը եւ կը դառնայ իր հօրը օգնականը, ապա` աշակերտը:
Աշակերտը տառացիօրէն եւ փոխաբերաբար կաշկանդուած է իր հօրը նիւթերով. ան կը գծէ նոյն բնակարանին ներքին տեսարանները, կը գործածէ նոյն ներկերը եւ նոյն պաստառի շերտերը: Աշակերտը կը փորձէ ընդօրինակել վարպետը: Սակայն վարպետը եւս կը կրէ ազդեցութիւններ կամ նոյնիսկ` կը ներշնչուի իր աշակերտին գործերէն, որովհետեւ անոնք կը գծեն նոյն բնորդները, եւ ի վերջոյ կը բաժնեն նոյն արուեստանոցը, տունը, ընտանիքը:
Պինսթոքի համաձայն, ճիշդ այս կացութիւնը կը տիրէր Վըրմիրի տան մէջ:
Մասնագէտներու համար միշտ ալ դժուար եղած է յստակ մէկ պատկերը կազմել Վըրմիրի արուեստին զարգացումին: Անոնք նոյնիսկ չեն յաջողած ժամանակագրական շարքով դասաւորել գեղանկարիչին արդէն սակաւաթիւ գործերը, որոնց թիւը հազիւ 30-ի կը հասնի: Կարգ մը գեղանկարներ պարզապէս «անտեղադրելի» են: Անոնք կը պատկերեն նոյն տիպարները, նոյն սենեակներուն մէջ, նոյն հագուստներով: Պատկերուած են նոյն ներկերով, հիմնական նոյն հում նիւթերով եւ թեքնիքներով, սակայն յստակօրէն տարբեր երեւոյթ մը ունին: Անոնց կը պակսի այլ գեղանկարներու բնորոշ արհեստավարժական կարողութիւնը եւ շարահիւսութեան յղացքը, նոյնիսկ, երբ օժտուած են նմանօրինակ ազատ ոգիով, կենսունակ են եւ սիրուելու արժանի: Այսուհանդերձ, անոնք Վըրմիրի բնորոշ գեղանկարներ չեն:
Պինսթոք միակը չէ, որ նկատած է, թէ Վըրմիրի վերագրուած գեղանկարներուն 15 առ հարիւրը կը թուի, թէ չի պատկանիր անոր վրձինին: Սակայն թերեւս ան միակն է, որ կը ներկայացնէ տուեալներ, որոնք կը բացատրեն ոչ միայն նման գեղանկարներու տարբերութիւնները, այլ նաեւ` նմանութիւնները: Ան կ՛ըսէ, թէ ի տարբերութիւն տիրող կարծիքին, Վըրմիր, իրօք, ունեցա՛ծ է աշակերտ մը, որ իր աղջիկը` Մարիան էր (մարգարիտէ օղով աղջիկը` հռչակաւոր գեղանկարին մէջ): Պինսթոք նաեւ տրամաբանական ձեւով կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ մինչեւ այսօր ոչ ոք անդրադարձած է այս երեւոյթին:
Առաջին` Վըրմիրի ժամանակներու Տելֆթի մէջ պայման չէր, որ ընտանիքի մը զաւակները պաշտօնապէս արձանագրուէին իբրեւ աշակերտ: Երկրորդ` չէր քաջալերուեր, որ աղջիկներն ու կիները գծէին: Կ՛ակնկալուէր կամ պէտք էր, որ Մարիա դադրէր գծելէ, երբ ամուսնանար: Հետեւաբար անոր գործերուն շարունակութիւնը գոյութիւն չունի իր հօրը արուեստանոցին մէջ: Եւ ի վերջոյ, Վըրմիրի ընտանիքը իր վճարումները կը կատարէր անոր գեղանկարներուն վաճառքէն գոյացած գումարով: Իրօք, անոր ընտանիքը գեղանկարներով ուտելիք կը փոխանակէր: Վըրմիրի այրին թերեւս դիտումնաւոր կերպով Մարիայի գործերը կը ներկայացնէր իբրեւ նոյնինքն վարպետին ստեղծագործութիւնները` վճարելու համար իր պարտքերը:
Այս դիտանկիւնէն` Մարիա եւ որոշ չափով նաեւ ինքնին Վըրմիր մեղսակիցներ էին: Բոլորին շահերուն կը համապատասխանէր թաքուն պահել այն իրողութիւնը, թէ Մարիա վարպետին աշակերտն էր (այնպէս ինչպէս բոլորին շահերուն կը համապատասխանէր գաղտնի պահել նաեւ այլ բաներ, ինչպէս` ընտանիքին կաթոլիկ հաւատամքը, ինչ որ ապօրինի էր):
Ժամանակակից մասնագէտներ կ՛արհամարհեն արուեստի այն մօտեցումները, որոնք մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն անհատի պաշտամունքին կամ կենսագրական մանրամասնութիւններու: Ի վերջոյ, երբ արուեստի գործ մը լաւ է, անիկա արժէք կը ներկայացնէ առանձին, ինքն իր մէջ, եւ կարիքը չունի խորապատկերի վիպերգական պատմութեան մը: Ճիշդ է այս մօտեցումը: Սակայն Պինսթոք կ՛ապացուցէ, թէ երբ խնդրոյ առարկան Վըրմիրն է, անոր ընտանիքը խորապատկերի պատմութիւն մը չէ: Վըրմիր կը գծէր իր ընտանիքին անդամները, իսկ անոնք իրենց կարգին կը հակազդէին գծելով:
Կարելի չէ Պինսթոքը ամբաստանել` ըսելով, թէ ան կը պաշտպանէ Վըրմիրը, կարծէք բացատրութիւն մը կամ պատճառաբանութիւն մը տալով, թէ ինչո՛ւ անոր կարգ մը գեղանկարները վատ են: Մարիայի գեղանկարները, եթէ իրապէս կը պատկանին անոր, շատ լաւ են: Անոնք գեղարուեստական հարազատ հակազդեցութիւններ են իր հօրը գործերուն: Պինսթոք կ՛ապացուցէ, թէ անոնք ստիպած են Վըրմիրի, որ իր կարգին անոնց հակազդէ իբրեւ արուեստի գործեր: Մարիայի պաստառները իրենց ներգործութիւնը ունեցած են Վըրմիրի ընտրանքներուն եւ արուեստի զարգացումին վրայ: Մարիա երբեք չէ հաւասարած իր հօր: Սակայն, միւս կողմէ, անոր աշակերտի կեանքը շատ կարճ տեւած է: Եւ իրօք, արտասովոր է միայն քանի մը տարիներու ընթացքին կատարած անոր իրագործումը:
Եթէ Պինսթոք ճիշդ է, ապա 7 գեղանկարներ, որոնք ընդհանրապէս ճանչցուած են իբրեւ Եոհանէս Վըրմիրի գործերը, եւ որոնք միլիոնաւոր տոլարի կը վաճառուին աճուրդի վաճառատուներու մէջ, բնաւ չեն պատկանիր անոր վրձինին: Վիճելի Վըրմիրներ կը նկատուին «Տաւղալարին առջեւ աղջիկը», «Կարմիր գլխարկով աղջիկը», «Սրինգով աղջիկը», «Կնոջ մը դիմանկարը», «Տիրուհի եւ ծառայ», «Ընդմիջուած աղջիկը», «Քնարով կինը» վերնագիրով գեղանկարները:
Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, թէ այս գեղանկարները Վըրմիր չեն: Ի վերջոյ անոնք կը պատկանին Վըրմիրի մը, սակայն` Մարիա Վըրմիրի:
Պինսթոքի գիրքին արծարծած ամէնէն յատկանշական եւ հետաքրքրական հարցը, եթէ ճիշդ է մասնագէտը, ինքնին Վըրմիրի գործերուն բնորոշ հարցումն է.
Ի վերջոյ ի՞նչ կը նշանակէ Վըրմիր մը ըլլալ:
Երբ հաւանաբար միլիոնաւոր տոլար կայ կշիռքին մէջ, հետաքրքրական է, թէ արուեստի պատմութիւնը իբրեւ առանձին մարզ ինչպէ՛ս պիտի հակազդէ Պինսթոքի մարտահրաւէրին:
Նիւ Եորքի մարդասիրական հիմնարկին մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ միօրեայ համագումար մը` «Վըրմիրզ տոթը՞ր» (Վըրմիրի աղջի՞կը) վերնագիրով, եւ Պինսթոք անձամբ պաշտպանեց իր գիրքին մէջ առաջարկած տեսակէտը:


