«Օսմանեան Իշխանութիւններու Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Մտադրութիւնները Կարելի Է Փաստել Նոյնինքն Օսմանեան Փաստաթուղթերու Վրայ Հիմնուելով» Կ՛ըսէ Թաներ Աքչամ

Թաներ Աքչամի Լիբանան այցելութեան առիթով «Զաւարեանական Էջ»-ը անոր հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որ գլխաւորաբար կ՛անդրադառնայ Աքչամի վերջին գիրքին` «Երիտթուրքերու ոճիրը մարդկութեան դէմ»-ի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բերած նպաստին:

 

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչը մղեց ձեզի ուսումնասիրելու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ մանրամասնօրէն գրելու անոր մասին:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Իրականութեան մէջ զուգադիպութիւն էր: Համպուրկի մէջ սկսայ աշխատիլ Օսմանեան կայսրութեան մէջ չարչարանքի պատմութեան նիւթով. երբ ուսումնասիրական ծրագիրս աւարտին կը մօտենար, պէտք էր նոր նիւթ մը գտնէի: Այդ միջոցին կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղեկացայ հայերուն դէմ գործուած ջարդերուն պատմութեան մասին: Նախապէս ոչ մէկ բան լսած էի անոնց դէմ գործուած ցեղասպանութեան մասին: Մտածեցի, որ հետաքրքրական թեմա մըն է եւ թերեւս պէտք է աւելի մօտէն քննեմ զայն: Ճիշդ այդ ժամանակ մեր հաստատութիւնը թափ տուաւ Նիւրեմպերկի դատերուն մասին ծրագրի մը. նաեւ իմ ուսումնասիրութեանս ընթացքին կարդացած էի, որ 1919-1921-ին Պոլսոյ մէջ դատեր եղած են, լսեցի, որ անոնք կերպով մը ազդած էին Նիւրեմպերկի դատերուն վրայ: Հաստատութեան կեդրոնին առաջարկեցի, որ ծրագիրս շարունակեմ այդ նիւթով: Եւ այսպէս է, որ սկսայ: Իրականութեան մէջ երկրորդ կարեւոր պատճառ մըն ալ կար: Այն հաստատութեան գրադարանին մէջ, ուր ես կ՛աշխատէի, հայ աղջիկ մը կար: Պէտք է ըսել, որ բոլորովին ձուլուած էր` բնական գերմանացի մը: Ըսաւ, որ մայրը Լիբանանէն էր, բայց ինք ոչ մէկ բան գիտէր հայերու մասին, իր Լիբանանի ազգականներուն մասին: Սակայն գիտէր, թէ  որքա՛ն կարեւոր նիւթ մըն էր Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը, եւ միշտ զիս կը մղէր աշխատելու այս թեմային վրայ: Որպէս հասարակ, բնական թուրք` ես կը վարանէի այս նիւթին հետ առնչուելէ, որովհետեւ իմ հասկացողութիւնս հայկական հարցին նկատմամբ շատ տարբեր չէր միւս բոլոր թուրք մտաւորականներու հասկացողութենէն: Ունէինք հետեւեալ մտածելակերպը. մենք` թուրքերս, կռուեցանք կայսերապաշտ ուժերու դէմ, ստեղծեցինք մեր ազգ-պետութիւնը հակակայսերապաշտական պատերազմի մը ընթացքին. քրիստոնեաները գործակցեցան կայսերապաշտ ուժերուն հետ, հայերը եւ յոյները աշխատեցան կայսերապաշտներուն հետ, բնականաբար մենք կռուեցանք նաեւ անոնց դէմ: Ուրեմն կրնան երկու կողմերէն պզտիկ աւերներ եղած ըլլալ: Հետեւաբար այս պարունակին մէջ անշուշտ ոչ ոք կ՛ուզէ արծարծել Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը: Անցեալի մէջ է ան, եւ ինչպէս այդ ատեն կը մտածէի որպէս թուրք ձախակողմեան մտաւորական, հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած խնդրէն աւելի լուրջ հարցեր ունինք ներկայիս: Ուրեմն կը կարծեմ, որ զուգադիպութինը, որ կ՛աշխատէի հաստատութեան մը մէջ, որ Նիւրեմպերկի վերաբերեալ ծրագիր մը սկսած էր, իմ ուսումնասիրութիւնս Օսմանեան կայսրութեան մէջ չարչարանքի նիւթով, եւ այդ գրադարանի օրիորդին ծանօթանալս բոլորը միասին պատճառ դարձան, որ սկսիմ աշխատիլ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին վրայ: Անկեղծօրէն չէի գիտեր` որքա՛ն նուրբ նիւթ մըն էր, քաղաքականօրէն որքան զգայուն էր հարցը. քիչ մը միամիտ էի: Յետոյ երբ սկսայ, հասկցայ, թէ  որքան դժուար է ամէն ինչ. բայց չկրցայ կենալ, որովհետեւ իմ կացութիւնս զիս կը ջղայնացնէր: Կը ջղայնանայի, որովհետեւ ինչ որ ըրին, խնդիր մըն էր. ամբողջ այդ հետապնդումները, յարձակումները, քարոզարշաւները… Կը կարծեմ, որ եթէ թրքական կառավարութիւնը կամ ազգայնականները իմ հանդէպ այդքան զօրաւոր յարձակում գործած չըլլային, թերեւս ուրիշ նիւթերու շուրջ շարունակած կ՛ըլլայի ուսումնասիրութիւններս: Սակայն Հրանդի մահէն ետք չունինք ուրիշ փոխընտրութիւն` բացի շարունակելէ, ինչ որ կ՛ընենք:

Հ.- Ձեր վերջին գիրքին` «Երիտթուրքերու ոճիրը մարդկութեան դէմ»-ի մէջ (The Young Turks՛ crime against humanity) կը հաստատէք, որ գտած էք նոր ապացոյց մը օսմանեան արխիւներէն: Կրնա՞ք մանրամասնել այդ մասին:

Պ.- Այո, երկար նիւթ մըն է, վստահաբար շատ դժուար է ամփոփել գիրքին հիմնական փաստարկները: Եթէ ամփոփելու ըլլամ գլխաւոր գաղափարները, երեք կարեւոր կէտեր կ՛ընդգծեմ: Առաջինը այն է, որ օսմանեան արխիւներուն մէջ գտած փաստաթուղթերովս կը կարծեմ, որ առասպել մը իր աւարտին կը հասցնեմ: Առասպել` այն իմաստով, որ հակասական տեղեկութիւններ կան Հայոց ցեղասպանութեան արխիւներուն մէջ: Ըստ անոնց, որոնք կ՛ուրանան Հայոց ցեղասպանութիւնը, միայն օսմանեան արխիւներուն կարելի է վստահիլ: Թրքական պետութիւնը եւ ուրացողները կը փաստարկեն, թէ բոլոր այլ արխիւային նիւթերը` բրիտանական, գերմանական, ամերիկեան, կամ որեւէ այլ օտար արխիւային նիւթ, ստեղծուած են քաղաքական միտումներով, կողմնակալ եւ անվստահելի: Այս փաստարկին վրայ հիմնուելով` անոնք կը պատճառաբանեն, որ միայն օսմանեան աղբիւրներուն կարելի է վստահիլ, եւ հիմնուելով` օսմանեան փաստաթուղթերու վրայ` կրնանք ըսել, թէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Ցեղասպանութեան վերաբերող մտադրութիւն գոյութիւն չէ ունեցած: Միւս կողմէ, քննարկող գիտնականներ կամ անոնք, որոնք կը հաստատեն, թէ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն էին, կը փաստարկեն, թէ օսմանեան աղբիւրները անվստահելի են. անոնք արտադրուած եւ խարդախուած են Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան կողմէ` Ցեղասպանութիւնը ծածկելու նպատակով: Հետեւաբար կարելի է վստահիլ միայն գերմանական, ամերիկեան, բրիտանական աղբիւրներու: Ուրեմն ամէն մէկ կուսակցութիւն կը պնդէր մէկ արխիւային աղբիւրի վրայ, եւ վէճ կար: Այս հակաճառութեան յատակը գտնուող տրամաբանութիւնը այն է, որ արխիւային նիւթերը հակասական տեղեկութիւններ կը պարունակեն: Ուրեմն օսմանեան արխիւային նիւթերը եւ օտար նիւթերը անյարիր են իրարու, հակասական են: Հետեւաբար գիրքին առաջին կարեւոր նպաստը այն է, որ վերջ կը դնեմ առասպելի մը, որովհետեւ օսմանեան արխիւային նիւթերը մեզի կը պատմեն նոյն պատմութիւնը, որ գիտենք արեւմտեան արխիւային աղբիւրներէն: Ուրեմն հակասութիւն չկայ, օսմանեան արխիւներն ալ նոյնը կը պատմեն, բայց` տարբեր անկիւններէ: Այսինքն գիրքին գլխաւոր փաստարկը այն է, որ օսմանեան իշխանութիւններու` Ցեղասպանութեան վերաբերեալ մտադրութիւնները կարելի է փաստել նոյնինքն օսմանեան փաստաթուղթերու վրայ հիմնուելով: Երկրորդ կարեւոր փաստարկը, որ կը փորձեմ զարգացնել, այն է, թէ ամբողջ Ցեղասպանութիւնը իրականութեան մէջ ծրագրուած էր որպէս ժողովրդագրական քաղաքականութիւն: Այս կը նշանակէ, թէ Հայոց  ցեղասպանութիւնը հիմնականին մէջ իրագործուած էր թուաբանական ճշգրտութեամբ: Հետաքրքրական է. կատակ մը պատմեմ: Տիգրան Քելեկեան շատ հանրածանօթ հայ մտաւորական մըն էր, 24 ապրիլ 1915-ին ձերբակալուած եւ սպաննուած էր: Ըստ արձանագրութեան մը, ձերբակալութեան ժամանակ ոստիկանատան մէջ իրեն հայրենակից մտաւորականներու կ՛ըսէր, թէ հիմա Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութիւնը հայերու ջարդը պիտի իրագործէ թուաբանական ճշգրտութեամբ: Տիգրան Քելեկեան Պեհաէտտին Շաքիրի մօտիկ բարեկամ էր, ինչպէս նաեւ` այլ իթթիհատականներու, շատ լաւ կը ճանչնար զանոնք: Շատ հիանալի է, որ այս մարդը արդէն իսկ գիտէր, թէ իթթիհատականները Հայոց ցեղասպանութիւնը թուաբանական ճշգրտութեամբ իրագործելու էին: Եւ այս է իմ փաստարկս գիրքին մէջ, այն, որ ամբողջ Ցեղասպանութիւնը իրականութեան մէջ ծրագրուած, կազմակերպուած եւ վերահսկուած էր ներքին գործոց նախարարութեան ներգաղթի բաժանմունքի վիճակագրութեան գրասենեակին կողմէ: Անոնք անդադար կը վերահսկէին հայերու թիւը, եւ ընդհանուր քաղաքականութիւնը անոնց թիւը նուազեցնելն էր, մինչեւ հասնի մահմետական բնակչութեան 5-10 տոկոսին: Այս է, որ գիրքիս մէջ բացատրեցի: Ուրեմն, կեդրոնական փաստարկը այն է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը հասկնալու համար պէտք է ամբողջ օսմանեան հողատարածքը բաժնել երեք մեծ շրջաններու. մէկը` Արեւմտեան Անատոլու, երկրորդը` Արեւելեան Անատոլու կամ պատմական Հայաստան, եւ երրորդը` ներկայի Սուրիան, Լիբանանը եւ Իրաքը: Այս վերջին տարածքը հայերուն համար վերաբնակեցման շրջան համարուած էր: Արեւմտեան Անատոլուէն եւ պատմական Հայաստանէն հայերը տեղահանուած էին դէպի այս շրջանները` հետեւեալ կանոնով: Արեւմտեան Անատոլուի մէջ 5 տոկոսի օրէնքը կ՛իրագործուէր. եթէ որեւէ տեղ հայերը մահմետական բնակչութեան 5 առ հարիւրէն նուազ էին, տեղահանութիւն տեղի չէր ունենար: Նոյնիսկ կարգ մը տեղեր հայերը վերաբաշխուած էին նահանգներուն մէջ, որպէսզի կազմեն տեղացի բնակչութեան 5 տոկոսը: Այսինքն որոշ նահանգներու մէջ պէտք չէր շատ կուտակում ըլլար հայերու: Կարգ մը փաստաթուղթեր, զորս գտայ արխիւներուն մէջ, որոշապէս կ՛ըսեն, որ եթէ 20 տուն կայ, անոնցմէ միայն մէկը պէտք է հայկական ըլլայ, եթէ 100 մահմետական տուն կայ, միայն 50-ը պէտք է հայկական ըլլան: Ուրեմն Արեւմտեան Անատոլուի մէջ հայերու թիւը բնաւ պէտք չէր անցներ 5 տոկոսը: Պատմական Հայաստանի պարագային կանոնը շատ յստակ է` ոչ մէկ բացառութիւն, ամէն մարդ պէտք է տեղահանուի: Կու տան նաեւ պատճառները. ռուսական սահմանի պատճառով, որովհետեւ այս շրջանները նկատի առնուած էին 1914-ի բարենորոգումներու ծրագրին մէջ, եւ իթթիհատականները կը վախնային այս ծրագրի իրականացումէն: Հետեւաբար, գրեթէ ոչ մէկ բացառութիւն իրագործեցին, եւ ամբողջ հայ բնակչութիւնը վտարեցին այդ տարածքէն: Կային կարգ մը բացառութիւններ, բայց հիմնական օրէնքը բոլորին տեղահանումն էր: Երրորդ տարածքին` վերաբնակեցման շրջաններուն մէջ, 10 տոկոսի կանոնը կ՛իրագործուէր, ըստ որուն, հայերու թիւը բնաւ պէտք չէր անցներ տեղացի բնակչութեան 10 առ հարիւրը: Ուրեմն, եթէ ընդհանուր ընթացքը թիւերով քննենք, շատ բան կարելի է բացատրել: Այդ ժամանակաշրջանի մահմետական բնակչութիւնը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, իրապէս շատ լայն հաշիւներով, մօտաւորապէս 2 միլիոն է: Կը տեղահանուին մօտաւորապէս 1,3 կամ 2 միլիոն հայեր, որոնք պէտք է նուազին 2 միլիոն տեղացի մահմետական բնակչութեան 10 առ հարիւրին համապատասխանող թիւի մը, որ մօտաւորապէս 200,000 հոգիի կը հաւասարի: Ուրեմն քանի՞ հայեր պէտք է հասնին Սուրիոյ, Իրաքի անապատները եւ Լիբանան: Մօտաւորապէս 150,000-200,000: Ինչպէ՞ս յաջողցուցին այս: Շաբաթական դրութեամբ թիւերը վերահսկեցին: Թալէաթ մէկ հեռագիր միւսին ետեւէն կը ղրկէր եւ մի՛շտ կը հարցնէր թիւերուն մասին: Աւելի ուշ գտայ, որ այս պատճառով է, որ սկսան Տէր Զօրի ջարդերուն երկրորդ ալիքին, որովհետեւ Սուրիա եւ Իրաք հասնող հայերուն թիւը 1915-ի ամրան եւ աշնան իրենց ակնկալածէն աւելի էր: Յետոյ հրաժարեցան սահմանափակ վերաբնակեցման քաղաքականութենէն, եւ սկսան պարպելու տարածքները ու բնաջնջման երկրորդ ծրագրի մը` ամրան ամիսներուն, որպէսզի թիւը մօտաւորապէս նուազի 200,000-ի: Այս է գրքիս երկրորդ կարեւոր փաստարկը: Իսկ երրորդը այն է, որ Ցեղասպանութեան ընթացքի տեւողութեան ձուլումի կանոնաւոր քաղաքականութիւն կար, որ ունէր չորս բաղկացուցիչ: Առաջինը` կրօնափոխութիւն, երկրորդը` հայ մանուկներու բաշխումը մահմետական տուներու մէջ, երրորդը` հայ աղջիկներու բռնի ամուսնութիւն մահմետականներու հետ, չորրորդը` սահմանափակ ձուլումի քաղաքականութիւն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, այսինքն կ՛արտօնէին վերաբնակեցնել հայերու սահմանափակ թիւ մը եւ անոնց չէին դպնար: Այս չորս տարրերը Հայոց ցեղասպանութեան տեւողութեան իրագործուած էին նոյնպէս թիւերու վրայ հիմնուելով: Օրինակի համար, կ՛արտօնէին կրօնափոխութիւնը, եւ անոնք, որոնք մահմետականութեան դարձան, ողջ մնացին, հակառակ անոր որ կը կարծէինք, թէ անոնք ալ տեղահանուած կամ սպաննուած են: Բայց երբ մահմետականութեան դարձած հայերուն թիւը անցաւ իրենց ակնկալածը, չարտօնեցին կրօնափոխութիւն եւ շարունակեցին հայերը տեղահանել, նոյնիսկ եթէ անոնք մահմետական դարձած էին: Հետեւեցայ այս ընթացքի զարգացման եւ գտայ, թէ ֆիզիքական բնաջնջումի եւ ձուլումի միջեւ հաւասարակշռութիւն մը ունէին, որ քաոս մը չէր, այլ` կեդրոնական ծրագրուած քաղաքականութիւն մը: Ուրեմն այս բացայայտումն ալ այլ կարեւոր նպաստ մըն էր, որ գիրքս ունեցաւ:

Հ.- Ուրեմն հիմնականօրէն վիճակագրութիւններ, թուային հաշիւներ է, որ կազմակերպած էին:

Պ.- Այո, այդ է կեդրոնական փաստարկը, եւ ընդհանուր նպատակը հայկական բարենորոգումներու հարցէն, ինչպէս իրենք կ՛անուանեն, իրապէս ձերբազատիլ էր: Ուրեմն գիրքին գլխաւոր փաստարկը այն է, որ Ցեղասպանութիւնը պատերազմի կամ անոր զարգացումներու հետեւանք չէր. Ցեղասպանութիւնը օսմանեան իշխանութիւններու ծրագիր մըն էր լուծելու համար երկար ժամանակ գոյութիւն ունեցող հարց մը, որ գլխաւորաբար հայկական բարենորոգումներու հարցն էր: Պատերազմի հետ կապը աւելի անուղղակի էր:

Հ.- Ըստ ձեզի, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակութիւնը 2015-ին ինչպէ՞ս պիտի ազդէ ակադեմական, գիտական եւ քաղաքական շրջանակներուն վրայ, որոնք կ՛առնչուին այս խնդրին հետ:

Պ.- Չեմ կարծեր յատուկ ազդեցութիւն մը կ՛ըլլայ ակադեմիայի եւ ակադեմական աշխատանքի վրայ, որովհետեւ քաղաքական յոբելեաններու հիման վրայ չէ, որ մենք կ՛աշխատինք: Ուրեմն, ակադեմական իմաստով, յատուկ ոչինչ: Քաղաքական իմաստով, քիչ մը յոռետես եմ այդ առումով: Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքականութեան մէջ փոփոխութեան ոչ մէկ նշան կը տեսնեմ: Ըստ ինծի, չորս մեծ ուժեր կան, փոփոխութիւն մը կարելի է յաջողցնել միայն այն ատեն, երբ փոփոխութիւն մը ըլլայ այս ուժերուն քաղաքականութեան մէջ` Միացեալ Նահանգներ, Մեծն Բրիտանիա, Իսրայէլ եւ Թուրքիա: Մինչեւ 2015 ոչ մէկ շարժում կը տեսնեմ այս հսկայ ուժերուն քաղաքականութեան մէջ: Թուրքիա կրնայ խորհրդանշական քայլ մը ծրագրել հայերու հանդէպ. կարելի է. կախեալ է Ազրպէյճանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութենէն: Կը կարծեմ, որ այսօր Թուրքիան ձեւով մը Ազրպէյճանի հակակշռին տակ է 1915-ի, Ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի կապակցութեամբ: Թուրքիոյ կառավարումը Ազրպէյճանին կողմէ հիմնական նշանակութիւն ունի: Եթէ Թուրքիա շարունակէ Ազրպէյճանին կարեւորութիւն տալ, փոփոխութիւն չ՛ըլլար: Սակայն եթէ Թուրքիան որոշէ իր ընթացքը փոխել, կրնայ թերեւս մասնակի ներում մը խնդրել. թերեւս ոչ ոք ուրախ կ՛ըլլայ այդ առումով, բայց գոնէ փոփոխութիւն մըն է իրենց քաղաքականութեան մէջ: Պէտք է սպասենք եւ տեսնենք:

Հ.- Մահմետականացած կամ ծածուկ հայերուն բացայայտումը ինչպէ՞ս կ՛ազդէ թրքական ներքին քաղաքականութեան եւ ակադեմական շրջանակներուն վրայ: Տեղեկացած ենք, որ մօտիկ ապագային գիտաժողով մը կայ այդ նիւթով յատուկ որոշումներու վերաբերող. կրնա՞ք մանրամասնել:

Պ.- Այո, սեպտեմբերին գիտաժողով մը պիտի ըլլայ: Կը կարծեմ, որ շատ կարեւոր է: Անհրաժեշտ է Թուրքիոյ ամէնօրեայ մշակութային եւ քաղաքական կեանքին համար, որովհետեւ մարդիկ պիտի հասկնան, որ տակաւին մեծ թիւով հայեր կան մեր մէջ, որոնք Ցեղասպանութիւնը յիշեցնողներ են: Թուրքիա պէտք է սկսի նկատի առնելու բարդոյթի խնդիրը: Միայն գաղտնի հայերու բացայայտում մը չէ եղածը, այլ հայերու նոր տեսակի մը բացայայտումն է: Ըսել կ՛ուզեմ, օրինակի համար, Տիգրանակերտի մէջ հայերու խումբ մը կայ, որ չ՛ուզեր փոխել իր կրօնը: Կ՛ըսեն, որ մենք մահմետական ենք եւ կ՛ուզենք մնալ մահմետական, որովհետեւ այսպէս է, որ մեծցանք, բայց մենք հայ ենք: Ուրեմն, պէտք է ընկերաբանական նոր դասակարգ մը նկատի առնենք` մահմետական հայեր: Այդ իմաստով, կը կարծեմ, որ շատ կարեւոր է բաժանումները եւ իրարու նկատմամբ քլիշէները փոխել. այդ մէկը կրնայ օգնել աւելի լաւ հասկացողութիւն մը զարգացնելու իրարու հանդէպ:

Հ.- Հրանդ Տինքի սպանութիւնը ինքնին որեւէ վախ արթնցո՞ւց թուրք ձախակողմեան կամ Ցեղասպանութիւնը ընդունած մտաւորականներու մէջ:

Պ.- Այո եւ ոչ: Անշուշտ վախ մը ստեղծեց: Ես անձամբ, հակառակ անոր որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՛ապրիմ, Հրանդի սպանութենէն ետք Թուրքիա չգացի աւելի քան երեք-չորս ամիս: Սպասեցի. կը վախնայի: Եւ Թուրքիոյ մէջ անոնք, որոնք Հրանդի մօտիկ բարեկամ էին եւ կը զբաղէին Հայոց ցեղասպանութեան նիւթերով, առնուազն երկու տարի ոստիկանական պաշտպանութեան տակ ապրեցան, մինչեւ Էրկենէքոնի հետաքննութիւններուն աւարտը: Երբ ոստիկանութիւնը ջախջախեց կէս ապօրինի կազմակերպութիւնները, կարծեմ այլեւս պաշտպանութիւնները կեցան: Սակայն, միւս կողմէ, Հրանդի սպանութիւնը նաեւ քաջալերեց մարդիկը, որ ճամբաները քալեն, իրենց լռութեան վերջ տան, բարձրաձայն խօսիլ սկսին եւ բողոքեն: Կը կարծեմ, որ Հրանդի սպանութիւնը եղաւ խորհրդանիշ մը եւ դարձակէտ մը` մեր պատմութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES