Առողջ Արմատներ, Հիւանդ Մարմին

ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ

Պատմութիւնները ետ կ՛երթան մինչեւ այն օրերը, երբ գրիչ կար, սակայն գիրք չկար, այն օրերը, երբ հաւատք կար ու յարգանք, անմեղութիւն կար ու պարզութիւն, յանդգնութիւն ու խիզախութիւն:

Երկար ու դաժան պայքարներէ ետք գիւղացիները փրկուած էին, սեւ օրերէ ետք անոնք ազատ էին:

Փրկուած էին մէկ ընտանիքի շնորհիւ: Ընտանիք մըն էր, որ կու գար համեստ արմատներէ, ընտանիք մըն էր, որ բարոյական դաստիարակութիւն կը կրէր, ընտանիք մըն էր, որ գիւղին ցաւը ուսերուն վրայ շալկած էր, ընտանիք մըն էր, որ սուրբ պարտականութիւն ստանձնած էր, պայքարած էր ու` վիրաւորուած, սակայն յաջորդ օրն իսկ ճակատի վրայ էր:

Այս ընտանիքը բնականաբար արժանացաւ գիւղացիներուն սիրոյ ու յարգանքին` շարունակելով իր սուրբ պարտականութիւնը, պարիսպներ կառուցելով գիւղի մուտքին: Այս ընտանիքը եղաւ գիւղին իտէալը` դառնալով օրինակ իւրաքանչիւր գիւղացիի:

Եւ նոյնպէս շարունակեց խիզախօրէն գործել այս ընտանիքը` իր պատգամն ու խորհուրդը, ինչպէս նաեւ իր բարոյական բարձրագոյն արժէքները փոխանցելով սերունդէ սերունդ:

Այս ընտանիքը հասաւ իւրաքանչիւր գիւղացիի կանչին, ապաքինեց իւրաքանչիւրին ցաւը, պաշտպանեց գիւղը, դարձաւ ապաստան` համախմբելով գիւղացիները  գոյատեւման ապահով միջավայրի մէջ, դաստիարակեց գիւղի զաւակը, կրթեց զայն` զետեղելով վսեմ կաղապարի մը մէջ:

Տասնամեակներ ետք գիւղը ընդլայնած է.  անոր բնակիչները բազմապատկուած են, եւ ընտանիքը արմատացած ու ճիւղաւորուած է հոն, ուր որ գիւղացի կայ:

Երբ փայտահատները հրաժեշտ կու տան, փայտոջիլները կը շատնան:

Եւ այդպէս ալ եղաւ, բացայայտ թշնամին փոխարինեց թաքունը: Արդարեւ, ընտանիքը խոտորեցաւ իր համեստ անցեալէն, երբ ամուր կոճղը ճիւղաւորուելու սկսաւ®

Ընտանիքին շառաւիղները դարձան ագահ, ո՛չ մէկ ջուր կը յագեցնէ անոնց ծարաւը, եսի տրամադրութիւնը դարձաւ հասարակ, ճիշդն ու ճշմարտութիւնը դարձաւ այդ եսի յարաբերական եւ այսպիսով, գիւղացիի  մեծահոգի ծառան դարձաւ անոր տզրուկ իշխանը, եւ միայն կամայականօրէն մերթ ընդ մերթ օգտակար կը դառնար համբերատար, հաւատարիմ, անսակարկ գիւղացիին:

Պատահեցան ժամանակներ, երբ «թեթեւ» ճիւղեր, օգտուելով փչող քամիներէն, մխրճեցին իրենք զիրենք հողին մէջ եւ ծլեցին իրենց «անհատական» ծառերը: Բայց գիտակից գիւղացին, անդրադառնալով այդ տզրուկ ծառերու եսակեդրոն շահերուն, անտեսեց եւ նոյնիսկ արմատահան ըրաւ զանոնք, սակայն` ո՛չ բոլորը…

Ընտանեկան ծառի միւս ճիւղերը` առողջները, հեռացան` թեքուելով միւս կողմ, իսկ ծառին առողջ պտուղները ինկան դրացիին պարտէզը. նոյնն ալ եղաւ գիւղացիներու պարագան: Պահուըտած կը սպասեն անոնք, սակայն որո՞ւ:

Այն համեստներուն, որոնք առաքինութիւն կ՛ընդգրկեն իրենց հոգիներուն մէջ, բարոյականի արմատական տէրերու, անոնց,  որոնց մէջ տակաւին ողջ է ընտանիքի սուրբ պատգամը…

Արդեօք դեռ կա՞ն այսպիսիներ… Պատասխանն է` այո՛, սակայն անոնք այն պտուղներն են, որոնք հետզհետէ կ՛իյնան դրացիին պարտէզը:

Իրօք գիւղացիներուն մեծամասնութիւնը տակաւին կը մնայ սիրալիր եւ յարգանքով լի ընտանիքին հանդէպ: Որդնոտած ճիւղերու նկարը գեղեցիկ պատկեր մը չէ: Հապա ինչո՞ւ կը պահեն գիւղացիները այդ այլանդակ նկարը: Պատասխանը պարզ է. գիւղացիները նաեւ կը տեսնեն ծառին հաստ բունը եւ անոր արմատները, տակաւին կը հաւատան անոր խորհուրդին ու ներուժին, որովհետեւ անոնք ապերախտ չեն ու չեն մոռնար իրենց գիւղին կերտումը` այդ ընտանիքին եւ անոր զաւակներուն կողմէ…

Լա՛ւ, ի՞նչ պիտի ըլլայ, երբ ծառին կոճղն ալ փտի, ընտանիքին արժէքը ի՞նչ պիտի ըլլայ:

Ո՞վ կ՛արժեւորէ փտած ծառ մը, նոյնիսկ եթէ ճիւղերուն կէսը տակաւին պտղատու են…

Արդարեւ, ծառը տակաւին կանգուն է` միայն շնորհիւ իր անցեալի փառքերուն ու պատմութեան:

Թէկուզ ծառը արտաքնապէս կացինահարուած կամ հիւանդ թուի, սակայն խոհուն պարտիզպաններով եւ գիտակից գիւղացիներով այս հարիւրամեայ ծառը, որ ծնունդ առած է ինքնին գիւղացիներուն սերմէն, պիտի ապաքինի, աւելի մեծնայ եւ ուռճանայ` կատարելու համար իր սրբազան պարտականութիւնը`իր հովանիին տակ առնելով շրջակայ ժողովուրդը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES