Հայ Ծերունիին Համար

Գ. Ա.

Հայ ծերունին ալ իր ապաստան գտած վայրին մէջ, իրեն մատուցուած առօրեայ խնամքին կողքին, կարիքը ունի հայ երաժշտութեան ու երգին, որ բուժիչ դեղի նման կենսական է: Ուստի այս մտահոգութենէն մղուած` Աւօ Ասլանեան, անձնական նախաձեռնութեամբ, չորեքշաբթի, 15 մայիսի կէսօրէ ետք, երկու ժամուան տեւողութեամբ, նուագակցութեամբ Զարեհ Գալայճեանի, Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոցին մէջ տեղւոյն ծերունիներուն ներկայացուց փունջ մը հայերէն էսդրատային, ժողովրդային եւ գուսանական երգեր` ծերունիներուն անցեալի յիշատակները վերաթարմացնելով: Անոնք բոլորն ալ ուրախ էին, նոյնիսկ ընկերակցեցան երգելով ու պարելով: Այսպիսի մտայղացումներ յատուկ երեւոյթ են, որոնք պէտք է յաճախակի դառնան մեր գաղութին մէջ` հայ երգն ու արուեստը հրամցնելով հայ ծերունիներուն, որոնք այլազան պատճառներով կը գտնուին այդ կառոյցին մէջ:

Վարձքը կատար Աւօ Ասլանեանին եւ հայ ծերունիի հոգատարութեան նպաստող իւրաքանչիւր անհատի, պաշտօնէութեան, տնօրէնութեան, բարերարներուն եւ նուիրատուներուն, որոնց բարձր գիտակցութեամբ պիտի շարունակէ գոյատեւել Ազգային ծերանոցը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES