Թերթատելով Պարսկահայոց «Արտազ» Ամսագիրը. Թաւրիզահայ Մամուլը եւ «Արտազ» (Է.)
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Դեկտեմբեր 2012-ին Չիֆթճեան ծ. վարդապետ երեք այցեր իրականացուցեր է Սալմաստի շրջանին մէջ: Ամէն իմաստով յուզիչ այցեր, որոնք մեզի յիշեցուցին Պոլսոյ երջանկայիշատակ Շնորհք պատրիարքին այնքան խորիմաստ այցելութիւնները դէպի գաւառի երբեմնի հայաբնակ վայրերը, Անատոլուի խորերը:
Այսպէս, 15 դեկտեմբերին, ուխտաւորներու փոքր խումբով մը առաջնորդ վարդապետը այցելեր է Սալմաստի Թազա-Շահր գիւղը, որ հայերու կողմէ կը կոչուի Հին Քաղաք: Ներկայիս հայեր չկան այստեղ, սակայն կանգուն է հայոց Ս. Յակոբ մատուռը, շինուած` 1671-ին: Մատուռը միաժամանակ ծառայեր է ասորի համայնքին, որ 1950-ական թուականներուն վերանորոգեր ու բարեզարդեր է զայն: Հիմա, սակայն, ան այլեւս լքեալ ու տխուր վիճակ մը կը պարզէ: Ե՞րբ էր արդեօք, որ վերջին անգամ հայ ուխտաւոր մը իր գլուխը խոնարհեցնելով ներս մտեր էր հոսկէ` յայտնի չէ, թէեւ մատրան ներսը եւ արտաքին պատերուն տակ վառած մոմերու բազմաթիւ հետքեր նշմարուեր են…
Դեկտեմբեր 21-ին այց տրուեր է Ուրմիայէն 10 քմ անդին գտնուող Նախիջեւան-Թէփէ գիւղը, նախապէս` ամբողջովին հայաբնակ, որուն ԺԷ. դարէն մնացած Ս. Աստուածածին եկեղեցին ներկայիս վերանորոգութեան մէջ է ու շուտով պիտի վերաօծուի: «Արտազ» սա՛ տեղեկութիւնները կու տայ գիւղին մասին.
– Գիւղի հիմնադիրն է Պետրոս Նախիջեւանին, որը իր եօթը զաւակներով ու նրանց ընտանիքներով Նախիջեւանից գաղթել է այստեղ եւ գետի ափին հիմնադրել այս նոր գիւղը, եւ իր հայրենի Նախիջեւանի յիշատակին այն անուանել` Նախիջեւան-Թէփէ: Գիւղում գտնուող բլուրի պատճառով այս գիւղի անուան նա միացրել է «թէփէ» կցորդը, որը նշանակում է «բլուր»: Անցեալ դարասկզբին աւելի քան 140 տուն բնակիչ հաշուող Նախիջեւան-Թէփէն այժմ հայաթափուել է, սակայն Ս. Աստուածածին հինաւուրց եկեղեցին պահպանւում է` շնորհիւ նախկին գիւղացիների յետնորդ սերնդի ներկայացուցիչների:
Դեկտեմբեր 28-ին ալ այց մը տրուեր Սալմաստէն 7 քմ հեռու` երբեմնի հայաբնակ Ղզըլջա գիւղը: Այստեղ ԺԲ. դարէն ի վեր կան եղեր երկու հայկական եկեղեցիներ` Ս. Պօղոս-Ս. Պետրոս եւ Ս. Յովհաննէս: Առաջինին միայն վայրը կարելի եղեր է ստուգել, որովհետեւ աղօթատեղին «խոնարհուելով` հողաթմբի է վերածուել»… Իսկ միւսը դեռ կանգուն է եղեր, թէեւ` անմխիթար վիճակով, կիսափուլ: Հո՛ս ալ հասեր են գանձախոյզներու կործանարար ձեռքերը` փորփրելով ոչ միայն եկեղեցւոյ սիւներուն հիմքերը, այլեւ` իրենց տեղերէն շարժելով հոն թաղուած հոգեւորականներու տապանաքարերը…
Բացուող նոր տարուան հետ, 2013-ին, Չիֆթճեան ծ. վարդապետին քննական այցելութիւնները շարունակուեր են նոյն թափով:
Յունուար 4-ին ան այցելեր է Ուրմիայէն 25 քմ հեռու գտնուող Բալանիշ գիւղը: Տեղւոյն հայկական Ս. Յովհաննէս եկեղեցին կու գայ ԺԷ. դարէն: Հայաթափուած գիւղին իբրեւ միակ յիշատակը` եկեղեցին հիմնովին վերանորոգուեր է անցեալ տարի:
Անցեալին Բալանիշը ունեցեր է մինչեւ 60 տուն հայ բնակիչ: Ներգաղթի շրջանին շատեր Հայաստան մեկներ են, ուրիշներ ալ տեղափոխուեր են Ուրմիա կամ այլ քաղաքներ: Հիմա վերանորոգեալ եկեղեցին ու գերեզմանատան անտէր շիրմաքարերը կը մնան գիւղին երբեմնի հայկականութեան լուռ վկաները…
Բալանիշէն ետք այց տրուեր է Ուրմիայէն 15 քմ անդին գտնուող Քուքիա գիւղը, որուն հայկական Ս. Սարգիս մատուռը եւս ԺԷ. դարու կառոյց է: Աղօթատեղին բեմ կամ խորան չունի եւ քառակուսի տարածքով պարզունակ սենեակ մըն է: Զայն հաւասար իրաւունքով կ՛օգտագործեն եղեր թէ՛ հայ եւ թէ՛ ասորի ուխտաւորներ կամ այցելուներ:
Յունուար 11-ին առաջնորդ վարդապետը գացեր է Ուրմիոյ երբեմնի ամբողջովին հայաբնակ Ռահւա գիւղը եւ Ս. պատարագ մատուցեր է տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (ԺԷ. դարու կառոյց): Արարողութեան ներկայ եղեր են շուրջ 150 ուխտաւորներ:
Բազմաթիւ պարսկահայ գիւղերու նման, Ռահւայի ալ հայաթափումը սկսեր է անցեալ դարու 40-ական թուականներուն եւ շարունակուեր է մինչեւ 70-ականներ: Ներկայիս գիւղը ունի եղեր միայն 16 տուն հայ բնակիչ: Կայ նաեւ ասորի համայնք: Ամսագիրը կը գրէ, որ` «ԺԷ. դարուն բազմաթիւ եկեղեցիներ են կառուցուել թեմում, ինչը նշանակում է, թէ ԺԷ. դարում եկեղեցաշինութիւնը ծաղկել էր Ատրպատականի թեմի տարբեր գիւղերում եւ քաղաքներում»:
Մարտ ամսուն քննական այց մը տրուեր է Թաւրիզէն 57 քմ հեռու գտնուող Ալչամուլք (Աղջամուղջ) գիւղը: Ասիկա մէկն է եղեր Մուժումբարի շուրջը գտնուող երբեմնի հայաբնակ տասը գիւղերէն: Հիմա լրիւ քրտաբնակ է: Ստուգուեր է, որ այլեւս ո՛չ մէկ հետք մնացեր է գիւղին հայկական հնամենի եկեղեցիէն կամ գերեզմանատունէն:
Հետազօտական յաջորդ այցը իրականացուեր է մարտ 19-ին, դէպի Սալմաստ գաւառի Սառնա գիւղը: Այստեղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին կու գայ 1625 թուականէն: Բայց հնադարեան այս աղօթատեղիէն շատ բան չէ մնացեր արդէն: Ձեղունն ու պատերէն մէկը ամբողջովին փլեր են, ճաքեր յառաջացեր են միւս պատերուն վրայ:
Ըստ «Տեղանունների բառարան»-ին, անցեալ դարու սկիզբը գիւղը ունեցեր է 90 տուն հայ, ասորի եւ քիւրտ բնակչութիւն: Հայերը պահեր են եկեղեցի ու դպրոց: Անոնց մէկ մասը զոհ գացեր է 1918-ի թրքական ներխուժումին, միւս մասն ալ հեռացեր է այլ վայրեր:
Մարտ 21-ին այց տրուեր է Սալմաստի Զէյվաջուկ գիւղին: Նախկին հայաբնակ այս գիւղը եւս հիմա քրտաբնակ է եղեր: Կանգուն է ԺԸ. դարէն եկող Ս. Ամենափրկիչ հայկական եկեղեցին:
* * *
Թաւրիզէն սկսելով` «շրջապտոյտ» մը կատարեցինք պատմական Ատրպատականի տարածքին, մերթ խանդավառ զգացումներով, մերթ ալ տխուր յիշատակներու անձնատուր:
Ամէնէն ակնբախ երեւոյթն այն է, որ տարապայմանօրէն նօսրացած գաղութ մը դեռ կը շնչէ, կը գոյատեւէ, կը ստեղծագործէ: Ու ինչպէս «Արտազ» կը գրէր նոյեմբեր 2012-ի իր խմբագրականով, «Ատրպատականի հայոց թեմի մշակութային կեանքը ցոյց է տալիս, թէ որակը բարձր է դեռեւս: Իսկ այդ մշակոյթը միայն քարահունչ մշակոյթ չի՛, միայն հնուց ժառանգուած քարեղէն կառոյցների դրամագլխով ստացուած մշակոյթ չի՛, միայն կիրառական արուեստի նմուշներով` հնադարեան սպասներով ու անօթներով փոխանցուող մշակոյթ չի՛, այլ` շնչող մշակոյթ, միութենական կեանքո՛վ բաբախող մշակոյթ, կրթական համակարգի զարկերակո՛վ կշռութաւոր մշակոյթ, որի կեանք եւ շունչ տուող առաջին ու միակ ուժը ժողովո՛ւրդն է, Աստծու առաջնորդութեամբ»:
Հալէպ
(Շար. 7 եւ վերջ)

