Անսար Ակումբին Հաղորդագրութիւնը
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Անսար ակումբը, գլխաւորութեամբ ակումբի նախագահ Նեպիլ Պատըրի, տուաւ շարք մը որոշումներ:
Իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ակումբը պաշտօնապէս առաջադրեց իր ընդհանուր քարտուղարին` Ուատտահ Սատեքի թեկնածութիւնը, յառաջիկայ յուլիսին վերջը տեղի ունենալիք Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նոր ընտրութիւններուն գծով:
Ակումբը որոշեց անհրաժեշտ բոլոր օժանդակութիւնները յատկացնել եւ ամէն գնով անոր զօրավիգ կանգնիլ` առաջադրուած թեկնածութիւնը անպայմանօրէն յաջողցնելու համար, մանաւանդ նկատի ունենալով այն կարեւոր կէտը, որ Անսար միշտ ալ լիբանանեան ֆութպոլի աշխուժացման մէջ իր կարեւոր դերը ունեցած է:
CATEGORIES Մարզական

