Նըժմէ Կը Բողոքէ Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Տուած Որոշումներուն Դէմ

Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ Նըժմէ բողոքեց Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին տուած որոշումներուն դէմ, ինչ կը վերաբերի Ախա Ահլի Ալէյ – Նըժմէ մրցումին ընթացքին տեղի ունեցած անախորժ դէպքերուն:

Այդ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ.

«Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին տուած որոշումները զարմացուցին Լիբանանի ֆութպոլասէրները առհասարակ եւ Նըժմէն` ի մասնաւորի, որովհետեւ նախորդ կիրակի օր Պհամտունի դաշտին վրայ պատահածը ցաւալի երեւոյթ մըն է, որ Լիբանանի ֆութպոլի պատմութեան մէջ երբեք չի կրնար ընդունելի ըլլալ: Ասկէ մեկնելով կը մերժենք տրուած այդ որոշումները, որովհետեւ դաշտին վրայ պարզուած մարզիկներուն արիւնալի վիճակը եւ զինեալներու ներկայութիւնը` մրցումէն առաջ եւ վերջ, պէտք է ֆետերասիոնին այլ առիթ մը տան, որպէսզի անիկա վերատեսութեան ենթարկելով իր տուած որոշումները, կա՛մ Ախա Ահլի Ալէյը պարտուած հռչակէ եւ կա՛մ ալ մրցումը կրկնել տայ ապահով վայրի մը մէջ»:

 

Share this Article
CATEGORIES