Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն Զուք – Անդրանիկ Պէյրութ Երկրորդ Մրցումը

Լուսանկարը` SPORTKELLO-ի

Այսօր` հինգշաբթի, 23 մայիսին, Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Թատամոն Զուք – Անդրանիկ Պէյրութ երկրորդ մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան «փլէյ-օֆի» մրցումներուն ծիրին մէջ:

Երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը յառաջիկայ տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ Ա. դասակարգի խումբերուն, մինչ պարտուող կազմը` Բ. դասակարգի կազմերուն:

Նախանցեալ օր ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած առաջին մրցումը աւարտեցաւ Թատամոնի յաղթանակով` 70-67 արդիւնքով (23-13, 34-31, 51-58 եւ 67-70):

Մրցումին ներկայ եղան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահը, ընդհանուր քարտուղարը, Արեւմտեան Ասիոյ ընդհանուր քարտուղարը, երկու ակումբներուն նախագահներն ու մեծ թիւով համակիրներ:

Նշենք, որ այսօրուան մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES