Բանանց Մնաց Առանց Նախագահի
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Բանանց Երեւանի ֆութպոլի ակումբի նախագահ Սարգիս Իսրայէլեան ներկայացուցած է իր հրաժարականը:
Ակումբին կայքէջին համաձայն, ատոր պատճառը այն է, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան աւարտին, խումբը գրաւելով դասաւորման վերջին դիրքը, փոխադրուեցաւ Ա. դասակարգ:
Իր խօսքին մէջ Իսրայէլեան ըսաւ, որ ակումբին համակիրներէն ներում կը հայցէ իր այս քայլին համար, սակայն ինքզինք կը զգայ շատ հպարտ, որ յաջողած է բարեխղճօրէն կատարել իր բոլոր պարտականութիւնները:
Նշենք, որ 1992-ին հիմնուած Բանանց երկու անգամ տիրացած է Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին, իսկ չորս անգամ հանդիսացած է Հայաստանի փոխախոյեան:
CATEGORIES Մարզական

