Հայ Մարզիչները Մասնակցեցան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Կարեւոր Մէկ Դասընթացքին
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ հայ ֆութպոլի մարզիչներ 13-16 մայիսին իրենց մասնակցութիւնը բերին Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) գտնուող «Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի կեդրոնատեղիին մէջ կատարուած «Սթիւտընթ Էքսչէյնճ Փրոկրամ» ծրագիր-դասընթացքին:
Նշենք, որ Հայաստանէն բացի այս դասընթացքին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ալպանիայէն, Յունաստանէն եւ Մոնթենեկրոյէն ժամանած մարզիչներ:
Այս դասընթացքը կազմակերպելով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կ՛օգնէ մարզիչներուն գիտելիքներու փոխանակման, ինչպէս նաեւ կրթական նիւթերու ծանօթացման հարցով:
Դասընթացքին մասնակցողները կատարեցին շարք մը գործնական փորձեր, ինչպէս նաեւ վերլուծեցին «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումին նիւթը:
CATEGORIES Մարզական

