Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր հրապարակած որոշումներուն գծով յայտնեց, որ ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարի թեկնածութիւնը առաջադրած է յառաջիկայ 13-15 յուլիսին Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի ունենալիք Արաբական ֆութպոլի ֆետերասիոնին 19-րդ համագումարին, ուր պիտի ընտրուի Արաբական ֆութպոլի նոր ֆետերասիոնը:
Արաբական ֆետերասիոնի տարբեր յանձնախումբերու ընտրութիւններուն առաջադրուած են հետեւեալ անունները. Մուսա Մաքքի, Սըմաան Տուէյհի եւ Համբիկ Միսաքեան:
Ֆետերասիոնը հրապարակեց ցանկը բոլոր անոնց, որոնք Գ. կարգի իրաւարարի վկայական ունին եւ պիտի մասնակցին յառաջիկայ 15 յունիս 4 յուլիսին Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք իրաւարարի քննութիւններուն` հսկողութեամբ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին:
Այդ ցանկին մաս կը կազմեն լիբանանցի, ինչպէս նաեւ եգիպտացի եւ սուրիացի իրաւարարներ:
Վաւերացուեցան Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումներուն արդիւնքները, ըստ որոնց Սաֆա յաղթեց Թատամոն Սուրի (2-0), իսկ Շապապ Սահել` Ախա Ահլի Ալէյի (3-2):
Իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով Թատամոն Սուր 500 հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Ինչ կը վերաբերի աւարտական մրցումին, Սաֆա – Շապապ Սահել ճակատումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 23 յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Մարզական աւանին մէջ:
Վաւերացուեցան նաեւ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները` հետեւեալ ձեւով. Սաֆա – Ահտ` 3-1, Ռասինկ – Թրիփոլի` 3-0, Թատամոն Սուր – Սալամ Սուր` 5-0, Իժթիմահի – Շապապ Ղազիէ` 5-3, Ախա Ահլի Ալէյ – Նըժմէ` 2-2 եւ Անսար – Շապապ Սահել` 1-1:
Ախա Ահլի Ալէյ իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով 5 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ: Անիկա իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումները պիտի կատարէ օտար դաշտի վրայ, ինչպէս նաեւ պիտի հոգայ բոլոր ծախսերը Նըժմէի մարզիկներուն, որոնք անոր համակիրներուն կողմէ վիրաւորուելով փոխադրուեցան հիւանդանոց:
Անիկա այս շաբաթավերջին իր մրցումը պիտի կատարէ առանց իր համակիրներուն:
Շաբաթավերջի 22-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
ՇԱԲԱԹ, 25 ՄԱՅԻՍ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շապապ Սահել – Ահտ 3:30 Սայտա
Անսար – Ախա Ալէյ 3:30 Պէյրութ
Ռասինկ – Թատամոն Սուր 3:30 Ժունիէ
ԿԻՐԱԿԻ, 26 ՄԱՅԻՍ
Իժթիմահի – Թրիփոլի 3:30 Թրիփոլի
Շապապ Ղազիէ – Սալամ Սուր 3:30 Քֆարժոզ
Սաֆա – Նըժմէ 3:30 Մարզական Աւան
Վերջապէս, ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Սատաքան, որ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Արապի Թրիփոլիին տիրացաւ տիտղոսին:

