Ճատրակ. Մէյս Ժապալի Միջազգային Մրցաշարք. Մեկնում` Առաւօտեան Ժամը 7:30-ին

Ինչպէս ծանօթ է, հովանաւորութեամբ Մէյս Ժապալի քաղաքապետ Մուրթատա Քապալանի, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ Մէյս Ժապալի ճատրակի առաջին միջազգային մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 25 մայիսին` Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով:

Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ զուիցերիական ձեւով, ընդամէնը` 7 հանգրուան, այս մարզով հետաքրքրուած բոլոր փափաքողներուն համար, ըլլան անոնք ակումբներու մաս կազմող ճատրակ խաղացողներ կամ անհատներ:

Մրցաշարքին համար ընդհանուր գումար յատկացուած է երկու հազար ամերիկեան տոլար, որ պիտի բաժնուի տարիքային տարբեր դասակարգերու, չդասուած եւ միջազգային դասաւորում ունեցող տիտղոսակիրներուն:

Անոր մասնակցութիւնը եւ փոխադրութիւնը պիտի ըլլայ ամբողջութեամբ ձրի, իսկ մասնակցողները կէսօրուան ճաշի հիւրը պիտի ըլլան Մէյս Ժապալի քաղաքապետութեան:

Մրցաշարքին մասնակցիլ փափաքող բոլոր անձերը միայն պարտին իրենց անունները արձանագրել` նշելով իրենց ծննդեան թուականը, որպէսզի կարելի ըլլայ մասնակցողներուն թիւը յստակացնել:

Անոնք պարտին հեռաձայնել կա՛մ ճատրակի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարին` Շըհատէ Ապու Նըմրիին (03-955700) եւ կա՛մ ֆետերասիոնի անդամ Հիւսէյն Համմուտին (03-771795):

Երէկ յայտարարուեցաւ, որ շաբաթ, 25 մայիսին, առաւօտեան ժամը ճիշդ 7:30-ին, յատկացուած յատուկ փոխադրակառքերը Քոլայի շրջանէն պիտի ուղղուին հարաւ:

Ֆետերասիոնին յատուկ կարգադրութեամբ, յատուկ փոխադրակառք մը տրամադրուած պիտի ըլլայ հայ մասնակցողներուն համար, որ նոյն ժամուն պիտի մեկնի հարաւ, Նահրի կամուրջէն վար` «ճաշարան Վրէժ»-ին առջեւէն:

Share this Article
CATEGORIES