Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Հերաթափութիւնը Եւ Անոր Պատճառները» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 22 մայիս 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հերաթափութիւնը եւ անոր պատճառները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց մորթի մասնագէտ տոքթ. Մարի Գասապեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ մազերը գլուխը կը պաշտպանեն կլիմայական փոփոխութիւններու ազդեցութիւններէն, բայց նաեւ ցոյց կու տան անձի մը անհատականութիւնը, երիտասարդութիւնն ու կենսունակութիւնը: Հերաթափութեան պատճառները բազմաթիւ են, ժառանգական, հորմոնային, տարբեր հիւանդութիւններու եւ դեղերու պատճառով:

Տոքթ. Մարի Գասապեան դասախօսութեան սկսաւ սահիկներու օժանդակութեամբ մանրամասն բացատրելով, թէ մազը կը կազմուի եւ կ՛աճի յարաբերակցաբար մորթի (մաշկի), կառոյցին:

Ան շարունակելով բացատրեց, թէ մազի աճումը ունի տարբեր հանգրուաններ, եւ միջին հաշուով օրական 100 մազ կը թափի եւ բնականաբար նոյն քանակութեամբ պէտք է փոխարինուի նորով: Հետաքրքրական է գիտնալ նաեւ, թէ կնոջ յղութեան 4-րդ ամսուան ընթացքին կազմաւորուող երեխային մազը կը սկսի աճիլ:

Լաւապէս պէտք է հասկնալ, թէ մազը ունի իր միջավայրը, ուր կան ոչ վնասակար, բնական մանրէներ եւ տարբեր ազդակներ, որոնք կը նպաստեն մազի աճման ու պահպանման, որեւէ խանգարում ու փոփոխութիւն այս պայմաններուն պատճառ կը դառնայ մազի տարբեր հիւանդութիւններու եւ հերաթափութեան:

Ի՞նչ են այն գործօնները, որոնք պատճառ կ՛ըլլան հերաթափութեան.

1.- Շամփուանի տարբեր տեսակներու եւ յաճախակի գործածութիւնը կրնայ պատճառել գերզգայնութիւն:

2.- Մազի ներկը, որքան ունի իր գեղեցկագիտական համոզիչ ազդակը, ունի նաեւ հետեւանքներ, յատկապէս դէմքի մազի գերզգայնութեան երեւոյթը, որ անհատներու մօտ կ՛ունենայ տարբեր մակարդակի դրսեւորումներ:

3.- Մազերու երկարատեւ ձեւափոխութիւնը եւ անոր յաճախակի կրկնութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ հերաթափութեան:

Յաջորդ բաժինով տոքթ. Մարի Գասապեան խօսեցաւ մազին հետ առնչուած այն երեւոյթներուն ու հիւանդութիւններուն մասին, որոնք ի ծնէ են: Այս երեւոյթները կապուած են մազի քանակի, գոյնի, հասակի ու տարբեր յատկութիւններու:

Հերաթափութիւնը կրնայ ըլլալ աստիճանաբար, աւելի երկար ժամանակի, կամ յանկարծակի, շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ: Աստիճանական հերաթափութեան գլխաւոր պատճառը ժառանգական ազդակն է, բայց պէտք է յիշել նաեւ հորմոններու փոփոխութեան երեւոյթը, սնունդը եւ անհատին հոգեվիճակը: Տոքթ. Գասապեան այս բաժինով բացատրեց հերաթափութեան ընթացքը այր մարդոց եւ կիներուն մօտ:

Խօսելով շատ կարճ ժամանակի հերաթափութեան երեւոյթին մասին` դասախօսը նշեց հետեւեալ պատճառները. անձին առողջապահական վիճակը, հոգեկան տարբեր վիճակները, գերյոգնածութիւնը, հոգեկան ճնշումը, բարձր ջերմաստիճանը, տարբեր վիրահատութիւնները, հորմոնային փոփոխութիւնները եւ քաղցկեղի տարբեր քիմիական դեղերու գործածութիւնը:

Տոքթ. Մարի Գասապեան նշեց նաեւ այն կացութիւնը, երբ հերաթափութիւնը կ՛ըլլայ մէկ բաժինի կամ քանի մը բաժիններու վրայ: Պատճառները զանազան են` հոգեբանական, տարբեր բորբոքումներ, մաշկային հիւանդութիւններ, մարմնի դիմադրողականութեան հարցեր, սնկային հիւանդութիւններ:

Աւարտին տոքթ. Մարի Գասապեան մանրամասն բացատրութիւններով եւ օրինակներով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES