Օժանդակութիւն Այնճար Ապաստանած Գաղթական Սուրիացիներուն` Թորոսեան Ընտանիքին Կողմէ
Անցնող քանի մը օրերուն դարձեալ աշխուժ աշխատանքի մէջ էր Այնճարի մէջ հոկտեմբեր 2012-էն գործող «Սուրիահայ գաղթականներու օժանդակութեան Յանձնախումբը: Օրին, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին յառաջացուցած այս յանձնախումբը պարտականութիւն վերցուցած էր իր օժանդակութիւնը տրամադրելու Այնճար ապաստան գտած բոլոր սուրիացիներուն: Յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն Այնճարի երեք համայնքներու եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, կը փորձէ մեղմել գաղթականներուն դժուարութիւնները` անհրաժեշտ օժանդակութիւններով:
Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Լեւոն եւ Վալդրաուր Թորոսեանները իրենց օգնութեան ձեռքը երկարեցին Այնճար ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն: Անոնք, օժանդակութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամներուն եւ համագործակցութեամբ «Սուրիահայ գաղթականներու օժանդակութեան Յանձնախումբ»-ին, անցնող երեք օրերուն ընթացքին անհրաժեշտ ուտեստեղէն եւ պիտոյքներ (20 տեսակ) տրամադրեցին 60 սուրիահայ եւ նոյնքան սուրիացի ընտանիքներու: Ընդհանուր արժողութեամբ` շուրջ 10,000 տոլար:
Յայտնենք, որ Լեւոն եւ Վալդրաուր Թորոսեանները կ՛ապրին Վիեննա, ոչ կառավարական ընկերութեան մը սեփականատէրերն են եւ ունին պետական արձանագրութիւն ներքին գործոց նախարարութեան մօտ (MTCS- Mrs. Torossian’s Community Support):
Օժանդակութեան գումարները կը հաւաքուին աշակերտներու ձեռային աշխատանքներուն վաճառքէն: Այս տարի անոնք յաջողած են հանգանակել 30 հազար տոլարի գումար մը, որուն 10 հազարը տրամադրուած է անմիջական օգնութեան, մինչ մնացեալ բաժինը պիտի յատկացուի Թէքէեան եւ Այնճարի երեք վարժարաններուն` իբրեւ սուրիահայ աշակերտներու կրթանպաստ:
ԹՂԹԱԿԻՑ
www.mousaleranjar.com
http://www.facebook.com/Mousaleranjar.net

