Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. Է. Իւնեսքոյի «Ճաղատ Սոփրանոն» Թատերախաղի Ներկայացում

Երէկ` հինգշաբթի, 23 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը հանրութեան ներկայացուց Է. Իւնեսքոյի «Ճաղատ Սոփրանոն» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:

Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ դերասաններ Զաւէն Պաաքլինի, Յասմիկ Թաշճեան, Հրակ Փափազեան, Վանան Մանճիկեան, Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան, Յովսէփ Գափլանեան, Նժդեհ Մկրտիչեան, Հրայր Գալեմքերեան, Վարդան Ազնաւորեան եւ Հերմինէ Նիւրբեթլեան մարմնաւորեցին իրենց ստանձնած դերերը:

Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան կրցած էր իր շուրջ համախմբել գաղութի ծանօթ եւ արհեստավարժ դերասանները, որոնք իր հսկողութեան ներքեւ հանդիսատեսին կրցան ներկայացնել իրենց լաւագոյնը եւ ապրեցնել նիւթին հետ:

Յայտնենք, որ ներկայացումները կը շարունակուին ուրբաթ, 24 շաբաթ, 25 (կալա) եւ կիրակի, 26 մայիսին: Նշենք, որ կիրակի, 26 մայիսին վերջին ներկայացման աւարտին տեղի պիտի ունենայ «թատերական քննարկում», որուն հրաւէրը բաց է բոլորին համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES