«Ռուսիոյ Կողմէ Սուրիոյ Տրամադրուած Հրթիռները Շրջանին Մէջ Հաւասարակշռութիւնը Կը Խախտեն» Կ՛ըսէ Քերրի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ «Ռուսիոյ կողմէ Սուրիոյ տրամադրուած «էս-300» հրթիռները շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւնը կը խախտեն, եւ Սուրիոյ տագնապը Իսրայէլի վրայ կ՛ազդէ»:

«Բոլորս գիտենք, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող սպանութիւնն ու ջարդերը, ինչպէս նաեւ անկայունութիւնը Լիբանան եւ Յորդանան մուտք կը գործեն, եւ այդ մէկը անշուշտ Իսրայէլի վրայ եւս ազդեցութիւն ունի», ըսաւ Քերրի` աւելցնելով, որ «Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են ոչ միայն Իսրայէլի ապահովութեան, այլ նաեւ շրջանի, եւ պիտի փորձեն այս հարցը լուծել»:

Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Քէյթլին Հայտըն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա միացած է իր ազգային ապահովութեան խորհրդատու Թոմ Տոնիլընի եւ Ռուսիոյ ազգային ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Նիքոլայ Փաթրուշեւի միջեւ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին եւ յայտնած, որ կը փափաքի ամրապնդել ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները` շեշտելով, որ «Սուրիոյ մէջ պէտք է բանակցութեանց վրայ հիմնուած քաղաքական լուծումի մը հասնիլ»:

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ սուրիական ընդդիմութեան Ազգային համաձայնական մարմինի հրաժարեալ նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպ երէկ մարմինի ժողովին ընթացքին ներկայացուցած է նախաձեռնութիւն մը, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կոչ կ՛ուղղէ` իր լիազօրութիւնները քսան օրուան ընթացքին ամբողջովին փոխանցելու իր փոխանորդ Ֆարուք Շարեհի կամ վարչապետ Ուաէլ Հալքիի:

Նախաձեռնութիւնը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ խորհրդարանը լուծարելու, ինչպէս նաեւ այն բանին, Ասատի լիազօրութիւններուն փոխանցումէն ետք, ներկայ կառավարութիւնը հարիւր օրով շարունակէ իր աշխատանքները:

Share this Article
CATEGORIES