Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուս յայտնեց, որ Ֆրանսա պիտի առաջարկէ Հըզպալլայի զինուորական թեւը ներառել Եւրոպական Միութեան ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն ցանկին վրայ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Սուրիոյ բախումներուն Հըզպալլայի մասնակցութիւնը վտանգաւոր է եւ կը հարուածէ ազգային բոլոր սկզբունքները:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կը զօրակցի խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանին երկարատեւ երկարաձգումին` պահպանելու համար երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Զիատ Ասուատի իրաւաբանը ներքին գործոց նախարարութեան մօտ առաջադրեց անոր թեկնածութիւնը:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Սայտայի մէջ նախանցեալ օր կրնար լուրջ աղէտ պատահիլ, եթէ կարելի չըլլար կացութիւնը հակակշռել: Ան աւելցուց, որ իրենք հարց չունին, որ Հըզպալլայի անդամ մը թաղուի Սայտայի գերեզմանատան մէջ, սակայն իրենք կը մերժեն ցուցական արարքները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքն ու անոր դաշնակիցները պատրաստ չեն 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, երկրին մէջ քաղաքական անձնաւորութիւններ քուլիսներու ետին կը պատրաստեն ծրագիր մը, որ կ՛ընդգրկէ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններն ու կառավարութեան կազմութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Տէյր Ահմարի մէջ առեւանգուած է Իմատ Իմատ անունով լիբանանցի մը, որուն ազատ արձակումին համար պահանջուած է 100 հազար տոլարի փրկագին մը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի հարց տուաւ, թէ ի՞նչ իրաւունքով Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ռիֆաաթ Իտ կը համարձակի սպառնալ Թրիփոլին ռմբակոծել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ռիֆաաթ Իտը պէտք է բանտարկել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ Ընդհանուր դատախազութիւնը պէտք էր շարժէր եւ ձերբակալէր Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ռիֆաաթ Իտը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ ոչ մէկ հանդիպումի պիտի ընդառաջէ, նոյնիսկ եթէ այդ հանդիպումը Պքերքէի մէջ ըլլայ:

ՅՈՅՆ կաթողիկէ համայնքի գերագոյն խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ գործուած յարձակումները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ ինք դէմ է խորհրդարանի նստաշրջանը առանց արդարացուցիչ պատճառի մը երկարաձգելու սկզբունքին` աւելցնելով, որ ինք այս մթնոլորտին մէջ չի փափաքիր երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերել:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու ղեկավարներ յայտնեցին, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը պատրաստուի 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Փիեռ Ռաֆֆուլ յայտնեց, որ իրենց հարցը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ չէ, այլ` Սամիր Ժահժահի անձին հետ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Թրիփոլիի իրադարձութիւնները ուղղակիօրէն առնչուած են Սուրիոյ տագնապին եւ անոր զարգացումներուն:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին համաձայն, եթէ քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքները 20 տարի առաջ ապահովուէին, ապա այսօր Ուղղափառ հանդիպումին կողմէ ընտրական նման օրինագիծ մը չէր մշակուեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES