Զօր. Լահուտ Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Լահուտ` Իրանի դեսպանին հետ հանդիպման ժամանակ

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ Լահուտի հետ քննարկած է նաեւ 40 երկիրներու մասնակցութեամբ Թեհրանի մէջ տեղի ունենալիք միջազգային խորհրդաժողովին նպատակները, որոնց շարքին` Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու կարեւորութիւնը:

Ապատի յայտնեց, որ Թեհրան կը փափաքի հաստատել Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման անհրաժեշտութիւնը:

Պատասխանելով Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան պատերազմի մը կարելիութեան մասին հարցումի մը` Ապատի հաստատեց, որ Իրանի եւ Սուրիոյ միջեւ կան ռազմավարական յարաբերութիւններ, եւ բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ ռազմավարական այդ յարաբերութիւններուն շրջագիծին մէջ Իրան կը զօրակցի Դիմադրութեան` Իսրայէլի դէմ անոր պայքարին մէջ:

«Հետեւաբար շատ բնական է, որ Իրան դիտորդի դերակատարութեան մէջ չըլլայ, սիոնական թշնամիին կողմէ Լիբանանի դէմ գործուելիք որեւէ յարձակումի պարագային», ընդգծեց Ապատի:

 

Share this Article
CATEGORIES