Մարուան Շարպել Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Քոնելլի եւ Շարպել

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:

Հանդիպումին ընթացքին Շարպել հաստատեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պատրաստ է երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կամ կարճ յետաձգումով մը կատարելու` ընդգծելով, որ երկրին ապահովական ուժերը վճռակամութեամբ կը վարուին Թրիփոլիի մէջ տիրող ապահովական կացութեան հետ եւ ճիգ չեն խնայեր վերահաստատելու շրջանին կայունութիւնը:

Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն հարցը սկսած է բարդանալ` նկատի ունենալով, որ անիկա սկսած է դառնալ ընկերային եւ ապահովական բեռ մը, որուն հանդուրժելու Լիբանանի կարողութիւնները սպառած են` նկատի ունենալով անոր սահմանափակ կարողութիւնները:

Շարպել կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին իր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու սուրիացի գաղթականներուն առնչութեամբ` շեշտելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու իմաստով իր կեցուածքէն անշեղ կը մնայ:

Իր կարգին, Քոնելլի դրուատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ այս դժուար հանգրուանին ընթացքին երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումը:

Քոնելլի նշեց, որ Ուաշինկթըն մտահոգ է Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութեամբ` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ կառչած կը մնան Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան:

Քոնելլի ողջունեց լիբանանցիներուն մօտ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու պատրաստակամութիւնը` աւելցնելով, որ երկրին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու ներքին գործոց նախարարութեան պատրաստակամութիւնը քաջալերելի է` երկրին սահմանադրութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը յարգելու իմաստով:

 

Share this Article
CATEGORIES