Պըրրի – Մըր Հանդիպում

Մըր եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Միշել Մըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Մըր յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին կեցուածքը յստակ է. ան չի փափաքիր երկիրը սահմանադրական անիշխանութեան մատնել եւ այդ նպատակով ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` կանխարգիլելու համար անիշխանութիւնը:

«Այս առումով, խորհրդարանի նախագահը մինչեւ մետասաներորդ պահը իր ջանքերը ի գործ պիտի դնէ», ըսաւ Մըր:

Ան աւելցուց, որ ինք կը փափաքի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին եւ այդ պատճառով ալ այսօր իսկ իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ` փաստելու համար, որ ինք կը զօրակցի ամէնէն մօտիկ ապագային երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման:

Մըր շեշտեց, որ ինք համաձայն է խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը երկարաձգելու միայն այն պարագային, երբ գոյութիւն կ՛ունենայ օրինագիծ մը, որուն շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու կարելիութիւն կը ստեղծուի:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենը, որ յայտնեց, թէ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է Թրիփոլիի իրադարձութիւնները եւ Պէյրութի վրայ ունենալիք անոր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Խազեն նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հարաւային Ամերիկա կատարած շրջապտոյտին արդիւնքները: Ան նշեց, որ Պըրրի կը զօրակցի Ռայի պատրիարքին բոլոր կեցուածքներուն, որոնք կը վերաբերին երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Խազեն աւելցուց, որ Պքերքէի եւ Այն Թինէի հեղինակութիւններուն միջեւ մնայուն կերպով գործակցութիւն կայ` լիբանանեան ներքին կայունութիւնը ամրապնդելու իմաստով:

Պըրրիի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Անուար Խալիլ եւ Պաալպեքի միւֆթի շէյխ Պաքր Ռիֆայի:

Share this Article
CATEGORIES