Նախագահ Սլէյման Սալամի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Աշխատանքները

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներն ու կատարուած հաղորդակցութիւններուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական խորհրդակցութիւնները, որոնք ուղղակի կը վերաբերին ընտրական նոր օրէնքին:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ երեսփոխան Միշել Մըրի հետ, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Թրիփոլիի իրադարձութիւնները եւ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները` հակակշիռի տակ առնելու համար տիրող կացութիւնը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Աւետարանական համայնքի նախագահ վեր. Սելիմ Սահիունի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց համայնքին վերաբերող հարցերը:

 

Share this Article
CATEGORIES