Թրիփոլիի Զինեալ Բախումները Հինգերորդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան` Ձախողութեան Մատնելով Քաղաքական Լուծման Ամէն Փորձ

Թրիփոլիի մէջ հինգերորդ օրն ըլլալով կը տիրէ անապահով վիճակ մը, որուն ընթացքին կը շարունակուին Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումները` պատճառելով զոհեր ու վիրաւորներ, որոնց թիւը զոհերուն պարագային հասաւ 20-ի, իսկ վիրաւորներուն պարագային արդէն իսկ հասաւ 200-ի:

Թրիփոլիի մէջ երէկ տիրեց ընդհանուր ամայութիւն, որ խզուեցաւ, երբ Պաքքարի մէջ գտնուող զինեալներ լիբանանեան բանակի «Պահժաթ Ղանեմ» զօրանոցին դէմ կրակ բացին եւ զինուորներ վիրաւորեցին:

Արձակազինութիւնն ու կրակոցները շարունակուեցան Պաքքարի, Պաալ Տարաուիշի, Ժապալ Մըհսենի եւ Ռիվայի շրջակայքը:

Այդ բախումներուն ընթացքին գործածուեցան նաեւ «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետեր:

Երեկոյեան բախումները աւելի եւս սաստկացան, իսկ զինեալ ուժերը կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ: Պաքքարի, Պաալ Տարաուիշի, Ժապալ Մըհսենի եւ Ռիվայի կողքին երեկոյեան շուրջ ժամը 8:00-ին, զինեալ բախումները ընդլայնեցան` ներառելու համար նաեւ Պըհսասի, Մինայի, Ապի Սամրայի, Մալլուլէի, Շաարանիի, Պըտտաուիի եւ Քըպպէ-Մաժտալիա շրջանները:

Նշենք, որ երէկ կէսօրին շէյխ Նապիլ Ռահիմի շքախումբը Պապ Թըպպանէէն անցնելու ընթացքին թիրախ դարձած էր արձակազինութեան: Արձակազինութեան պատճառով վնասուած էր շէյխը փոխադրող ինքնաշարժը:

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ուղղուեցաւ Թրիփոլիի իր բնակարանը, ուր նախագահեց յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Թրիփոլիի ապահովական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախարարներ Ֆայսալ Քարամէ եւ Ահմետ Քարամէ,  երեսփոխաններ Սամիր Ժսըր եւ Մոհամետ Քապպարա, ինչպէս նաեւ նախարար Մոհամետ Սաֆատիի ներկայացուցիչ Ահմետ Սաֆատի:

Հանդիպումէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ վարչապետ Միքաթի արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիէն խնդրած է հետապնդել բոլոր անոնք, որոնք բանակին դէմ գրգռութիւններ հրահրող հաղորդագրութիւններ կը հրապարակեն:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ բանակը բոլոր կրակոցներուն  պէտք է հակադարձէ եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնէ:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ գնդապետ-զօրավար Ռոժէ Սալեմը, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի իրադարձութիւնները:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի ճակատներուն ղեկավարներուն հետ: Հանդիպումը ապարդիւն դուրս եկաւ:

Ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէնը փոխարինող գնդապետ-զօրավար Ռոժէ Սալեմ ուղղուեցաւ Թրիփոլի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հիւսիսային Լիբանանի ներքին ապահովութեան ուժերու գրասենեակի պատասխանատու գնդապետ-զօրավար Մահմուտ Աաննանի եւ հիւսիսային Լիբանանի տարբեր շրջաններու պատասխանատու ջոկատներուն պետերուն հետ:

Գնդապետ-զօրավար Սալեմ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի մէջ զինեալները քաղաքական հովանաւորութիւն չեն վայելեր, սակայն անոնք իրենց քմահաճոյքին համաձայն կը վարուին` ազդուելով Սուրիոյ մէջ տիրող պայմաններէն:

«Մենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք Թրիփոլիին վերադարձնելու անոր ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ Ժապալ Մըհսենի գաճաճները, որոնք Թրիփոլիի վրայ ձեռք բարձրացուցած են, իրենց արարքին գինը սուղ պիտի վճարեն: Ան աւելցուց, որ Պապ Թըպպանէի բնակիչները ամէն իրաւունք ունին հակադարձելու իրենց վրայ կատարուած յարձակումին:

Share this Article
CATEGORIES