Հայաստանի Կառավարութեան Ծրագիրը Ընդունուեցաւ 76 Թեր Եւ 41 Դէմ Ձայններով

Հայաստանի խորհրդարանը երէկ 76 թեր, 41 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ ընդունեց նոր կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրը:

Ծրագիրին դէմ քուէարկեցին ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի, Ժառանգութեան, ՀՅԴ-ի խմբակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ ինքզինք այլընտրանք հռչակած Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւորները: Սակայն քանի որ իշխող Հանրապետականը կուսակցութիւնը խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէ, վերջինս իր համաձայնական դաշինքի գործընկերոջ` Օրինաց երկիր կուսակցութեան հետ ծրագիրը դիւրութեամբ հաստատեց:

Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ իշխանութիւնը ընդդիմութեան կարիքը չունէր ծրագիրի հաստատման համար: Ան շեշտեց, որ ընդդիմութիւնը իրենց կարիքը ունի:

«Դէմ կը քուէարկէք, գոնէ մաղձոտ մի՛ ըլլաք, եթէ թոյն կ՛օգտագործէք, գոնէ մեղուի թոյն օգտագործեցէք»,  յորդորեց ան:

Ապա Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահը կարգով փորձեց պատասխանել իշխանութեան հասցէին քննադատութիւն կատարած ընդդիմադիրներուն: Ան նախ հակադարձեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեանին, որ իր խօսքին մէջ սուր քննադատութեան ենթարկած էր ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը: Սահակեան ընդգծեց, որ երկրին դատախազէն դժգոհ կ՛ըլլան միայն ու միայն յանցագործները:

Ապա Գալուստ Սահակեան անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանի այն յայտարարութեան, ըստ որուն, ան նախանցեալ օր կառավարութեան յորդորած էր չհաւատալ Սահակեանի այն պնդումներուն, թէ իշխող Հանրապետական կուսակցութենէն լաւը չկայ:

Սահակեան չմոռցաւ նաեւ Հայ ազգային քոնկրեսի խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեանը, որ իր խօսքին մէջ նշած էր, թէ իշխանութիւնները ժողովուրդին մէջ մեծ վնասներ հասցնելէն ետք այսօր եկած են խորհրդարան եւ վստահութիւն կ՛ուզեն: «Ես ըլլալով Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան անդամ` հինգ տարի եղած եմ ընդդիմութեան շարքերուն մէջ, եւ Լեւոն Զուրաբեանի այն բոլոր յայտարարութիւնները իշխանութեան շնականութեան, լկտիութեան, ամենաթողութեան մասին զգացած եմ իմ վրաս», ըսաւ Սահակեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES