Պաքուի Մէջ. Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Հանդիպում Ունեցան Ալիեւի Հետ

Հարաւային Կովկաս տրուած հերթական այցելութեան ծիրին մէջ Պաքու  ժամանած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իան Քելլի, Իկոր Փոփով եւ Ժաք Ֆոր երէկ հանդիպում ունեցան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Հանդիպման ժամանակ, որուն մասնակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք, քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններու ներկայիս վիճակը եւ հեռանկարները:

Share this Article
CATEGORIES