Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Կարեւոր ժամադրութիւն մը ունիք, ճիշդ ժամանակին ներկայ եղէք, որպէսզի նկատի առնուիք իբրեւ իր խօսքը յարգող: Նման աննշան նկատուած հարցերը յատուկ ուշադրութեան կ՛արժանանան:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Նախքան ճամբայ ելլելը` ստուգեցէք ձեր կառքին վիճակը, որպէսզի անախորժ անակնկալի մը դիմաց չգտնուիք: Նախազգուշութիւնը յաջողութեան մայրն է, նկատի առէք եւ միշտ զործադրեցէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Տաղտկալի աշխատանք մը աւարտած ըլլալու գոհունակութիւնը պիտի ունենաք: Այս տրամադրութիւնը այս գոհունակութիւնը պիտի քաջալերէ ձեզ` նոր ծրագիրներ մշակելու:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ մեկուսանաք, հետաքրքրուեցէք ձեր շրջապատով, ձեր բարեկամներով: Պատասխանեցէք ձեզի ուղղուած նամակներուն: Ձեր ծրագիրները բացայայտեցէք փորձառու անձերու, կ՛օգտուիք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
«Հազար չափէ մէկ կտրէ» կ՛ըսէ առածը: Այս թելադրանք մըն է ձեզի` աճապարանքով ոչինչ կատարելու: Լաւ մտածեցէք նախքան գործի անցնիլը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հարցի մը քննարկման պարագային եթէ հարցումներ ուղղեն ձեզի, եղէք ճշմարտախօս, առանց նկատի առնելու ուրիշներուն կարծիքը` ձեր մասին:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Խոնարհութիւնը առաքինութիւններու մայրն է: Ներողամիտ եղէք անձի մը նկատմամբ, որ թիւրիմացութեամբ սխալ մը գործած է` վնասելով բարեկամութեան շարունակման: Ոխակալ մի՛ ըլլաք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մարզանքը անհրաժեշտութիւն է առողջութեան համար: Եթէ երկար նստելու ստիպուած էք, ժամանակ գտէք քալելու, որ լաւագոյն միջոցն է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ժառանգութեան կամ կտակի մը մասին ձեր կարծիքը եթէ ուզեն, անկեղծ եղէք, ոչ կողմնակալ: Ազգականական կապը կեղծիք չ՛ընդունիր, հետեւաբար պարկեշտութեամբ արտայայտուեցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պտոյտի մը պիտի հրաւիրուիք շաբաթավերջի մը առիթով: Ձեր մասնակցութիւնը մի՛ զլանաք: Կրնաք նորութիւններու հանդիպիլ եւ օգտուիլ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մի՛ կեդրոնանաք ձեր յաջողութեան վրայ, շարունակեցէք ձեռնարկել նոր ծրագիրներու, որով կարելիութիւնը կրնաք ունենալ յաւելեալ յաջողութեան:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հետամուտ էք մանր-մունր հարցեր արծարծելու` մէկ կողմ ձգած աւելի կարեւոր իրագործումներ: Ձեր ժամանակը տրամադրեցէք արդիւնաւէտ աշխատանքի եւ ոչ` ըսի ըսաւներով զբաղելու:

Share this Article
CATEGORIES