50 Տարի Առաջ (25 Մայիս 1963)

Խմբագրական

Նախագահ Շեհապի Այցը Անթիլիաս

Վաղը` կիրակի, 26 մայիս, հայ ժողովուրդը դարձեալ առիթը պիտի ունենայ ողջունելու Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապը, որ տարեկան իր աւանդական այցելութիւնը պիտի տայ Անթիլիասի կաթողիկոսութեան եւ ներկայ պիտի գտնուի պատարագին:

Բազմաթիւ նախարարներ, պետական երեսփոխաններ, զինուորական եւ քաղաքային բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւս այս բարեբաստիկ այցելութեան առթիւ պիտի գան Անթիլիաս` պատուելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  արժանաւոր գահակալը` Խորէն Ա. վեհափառ կաթողիկոսը եւ հայ ժողովուրդը:

Ամէն տարի, գրեթէ նոյն օրերուն կատարուող այս այցելութիւնները սքանչելի առիթներ են, որպէսզի մեր ժողովուրդը իր սէրն ու համակրանքը հաստատ կերպով արտայայտէ հանդէպ Լիբանանի գերագոյն պետին եւ լիբանանեան հայրենիքին, ուր բոլոր համայնքները, համերաշխ գործակցութեամբ մը, կը սատարեն այս գեղեցիկ երկրի վերելքին ու բարգաւաճման:

Արդարեւ, նախագահ Շեհապի իմաստուն ղեկավարութեամբ, Լիբանան մտած է շինարար աշխատանքի ճամբու մը մէջ, ընկերային, քաղաքական ու տնտեսական մարզերէ ներս արձանագրելով թանկագին նուաճումներ, որոնց բարիքները կը վայելէ բովանդակ լիբանանցի ժողովուրդը:

Հայ ժողովուրդը, որ այս ասպնջական երկրին ամբողջութիւնը բաղկացնող հաւաքականութեան կարեւոր մէկ տարրը կը կազմէ, իր անցեալին ու ներկայի օրինապահ եւ Լիբանանի յաւիտենական արժէքներու պահպանման բծախնդիր համայնքի կեցուածքով կը վայելէ փոխադարձ գուրգուրանքը լիբանանեան հայրենիքի ղեկավարութեան, որ բազմաթիւ առիթներով հաստատած է իր սէրն ու համակրանքը մեզի հանդէպ:

Վստահ ենք, որ անգամ մը եւս Անթիլիասը պիտի յորդի մարդկային բազմութեան հեղեղով մը: Իւրաքանչիւր հայ պիտի ուզէ անմասն չմնալ նախագահին անձին հանդէպ մեր համայնքին ընծայելիք պատիւէն, որ նոյն ատեն կ՛երթայ լիբանանեան ամբողջ պետութեան եւ լիբանանցի ժողովուրդին:

Վաղուան հանդիսութիւնը պիտի ըլլայ մէկ նոր արտայայտութիւնը այն հաւատարմական զգացումներուն, որ հայութիւնը կը տածէ Լիբանանի եւ անոր լուսամիտ նախագահին հանդէպ:

 

Քեմանչիստ Ռուբէն Աքսոր
Գասարճեան
Վարժարանին Մէջ

Նոր Սիսի Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանին տնօրէնութեան հրաւէրով 17 մայիս 1963, ուրբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Գասարճեան վարժարանի ուսուցչական կազմը եւ աշակերտութիւնը ժամ մը ամբողջ աշուղական երգերու վարպետներու մեղեդիները լսեցին ամէնուն ծանօթ քեմանչիստ Ռուբէնի լարերուն թրթռացումներուն ընդմէջէն:

Կոկիկ յայտագիր մը գործադրութեան դրուեցաւ` սկիզբն ունենալով վարժարանին «Մենք ուղեւոր» քայլերգը: Ապա հայ պանդուխտին այնքան սիրած «Ծիծեռնակը», «Մայր Արաքս»-ը, «Ազատուած Հայաստան»-ը (վարպետին հեղինակութեամբ), «Տըլէ եաման»-ը, Պեպոյի երգերը, «Հայ հովուին սրինգը», «Նուպար-Նուպարը», համով հատով «Ղափաման», քանի մը երգեր` «Անուշ» օփերայէն, «Հայաստան, երկիր դրախտավայր»-ը, Սայաթ Նովայի երգերէն քանի մը հատ, հոգելոյս Զարեհ վեհափառին այնքան սիրած «Կիլիկիա»-ն ու վերջապէս` «Կռունկ»-ը, որ այնքան հարազատօրէն քեմանչայի լարերուն մէջէն կը ձայնէր պատասխանելով հայրենիքի կարօտ հոգիներուն:

Մէջ ընդ մէջ աշակերտները եւս երգեցին «Նուպար-Նուպարը», «Ղափաման», «Բանակ եմ գնումը», «Չորրորդ գնդի»-ն եւ «Սիփանայ քաջերը»: Ապա յարգելի տնօրէնը քանի մը խօսքով ներկայացուց արուեստագէտը:

Անցեալին յեղափոխական Ռուբէնը, ներկայիս` քեմանչիստ, բաժնուեցաւ մեզմէ, խոստանալով զինք ունկնդրելու առիթներ շնորհել մեր աշակերտներուն:

Յ. Ք.

Share this Article
CATEGORIES