Ի՞նչ Գիտենք Մեր Մարմնին Մասին

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Աչուո՜ւմ. ա՜այ. հիք… Տեսակաւոր բաներ կը պատահին մեր մարմնին մէջ: Փորձենք հասկնալ անոնց պատճառները:

– Ինչո՞ւ մենք կը փռնգտանք

Փռնգտոցը անդրադարձ շարժում մըն է, որ կը ծառայէ մեր քիթին ներսի բաժինը մաքրելու զայն նեղացնող բանէ մը, ինչպէս` փոշին, բեղմնափոշին, կամ խլինք: Փռնգտալու ընթացքին մեր թոքերը նախ օդով կը լեցուին, մեր փորի եւ կուրծքի մկանները կը կծկուին, եւ ապա օդը մեր քիթէն դուրս կ՛արտաքսուի ժամական 150 քմ արագութեամբ:

– Ինչո՞ւ մենք կը կարմրինք

Յուզումի մը ազդեցութեան տակ մեր սրտին կշռոյթը կ՛արագանայ: Մեր երակները կ՛ընդլայնին, որպէսզի արիւնը դիւրութեամբ շրջի: Եւ որովհետեւ մեր այտերուն եւ վիզին մակերեսին մօտ շատ երակներ գոյութիւն ունին, այդ շրջաններուն մորթը կարմիր գոյն մը կ՛առնէ:

– Ինչո՞ւ մենք կլթիկ կ՛ունենանք

Երբ մենք շատ կամ շատ արագ կ՛ուտենք, մեր ստամոքսը կ՛ուռի: Ասիկա կը գրգռէ մեր ստոծանին, այն մեծ մկանը, որ մեր շնչառութիւնը կը կառավարէ եւ կը գտնուի  ճիշդ ստամոքսին վրայ: Այդ ժամանակ մեր ստոծանին կը սկսի անկանոն կերպով կծկուիլ: Հի՛ք, հի՛ք, հի՛ք: Մենք կը սկսինք կլթիկ ունենալու:

– Ինչո՞ւ մենք ջուրով լեցուած ուռեցքներ կ՛ունենանք

Մեր մորթը կազմուած է երեք տարբեր խաւերէ, վերնամորթը` մակերեսին վրայ, մորթը` մէջտեղը,  եւ անոր տակը` խորքի խաւը: Երբեմն, երբ մորթը զօրաւոր բանի մը կը քսուի, ան կը տաքնայ: Վերնամորթը մորթէն կը բաժնուի եւ հեղուկով լեցուն պզտիկ տոպրակ մը կը կազմուի այդ երկու խաւերուն միջեւ:

– Ինչո՞ւ մենք երբեմն տաքութիւն կ՛ունենանք

Մեր բնական ջերմաստիճանը 37 է: Երբ մեր մարմնին մէջ կը ներխուժեն մանրէներ կամ ժահրեր, մեր ուղեղը մարմնին կը հրահանգէ քանի մը աստիճան տաքնալ: Այս տաքութեան իբրեւ հետեւանք` մեր արեան ճերմակ գնդիկներուն թիւը կը բազմապատկուի. այս ճերմակ գնդիկներն են, որոնք կը պայքարին մանրէներուն դէմ: Տաքութեան շնորհիւ` մենք աւելի լաւ պատրաստուած կ՛ըլլանք հիւանդութիւնը յաղթահարելու:

– Ինչո՞ւ մենք կը յօրանջենք

Ոչ մէկը իսկապէս գիտէ, թէ ինչո՛ւ: Մենք կը յօրանջենք, երբ քուն ունինք, երբ անօթի ենք, երբ կը ձանձրանանք, կամ` երբ կը տեսնենք ուրիշ անձ մը, որ կը յօրանջէ… Ասիկա ակամայ անդրադարձ շարժում մըն է, որուն ընթացքին մենք օդ ներս կը քաշենք` մեր բերանը մեծ բանալով. ապա մենք մեր շնչառութիւնը կը բռնենք քանի մը երկվայրկեան: Սակայն մէկ բան յստակ է. յօրանջելը մեզի հաճելի զգացում մը կը պատճառէ:

– Ինչո՞ւ մենք կը քրտնինք

Զովանալու համար: Երբ օդը տաք է, կամ մենք տաքութիւն ունինք կամ ֆիզիքական ճիգ կը թափենք, մենք կը քրտնինք: Մեր մորթին վրայ կը կազմուին աղի ջուրէ կազմուած հեղուկի մը` քրտինքի կաթիլներ: Օդի ազդեցութեան տակ քրտինքը կը շոգիանայ եւ հետը կը տանի տաքութիւնը:

– Ինչո՞ւ մենք պէտք է խմենք

Մեր մարմինը կազմուած է գլխաւորաբար ջուրէ: Ամբողջ օրը այդ ջուրէն բաժին մը կ՛անհետանայ, երբ մենք բաղնիք կ՛երթանք, երբ կը շնչենք, կամ կը քրտնինք… մեր մարմինը պէտք է զայն փոխարինէ եւ այս պատճառով է, որ մենք պէտք է կանոնաւոր կերպով ջուր խմենք:

 

– Ինչո՞ւ մենք կը փսխենք

Երբեմն մենք կը կլլենք բաներ, զորս մեր մարմինը չի հանդուրժեր: Մեր ուղեղը մեր մարմնին կը յուշէ, որ ան պէտք է ինքզինք պաշտպանէ: Այս պատճառով ան կ՛աշխատցնէ լորձունքի արտադրութիւնը եւ ստամոքսին կծկումը: Ստամոքսին մէջի պարունակութիւնը դէպի բերան կը բարձրանայ եւ զօրաւոր կերպով դէպի դուրս կ՛արտաքսուի…

– Ինչո՞ւ մենք ուռեցք մը կ՛ունենանք, երբ հարուած մը ստանանք

Երբ մեր մարմինը տեղ մը կը զարնուի, մորթին տակ գտնուող երակները երբեմն կը պատռուին ցնցումին ազդեցութեան տակ: Արիւնը դուրս կ՛ելլէ: Մեր մորթին տակ կը կազմուի պզտիկ տոպրակ մը, որ կը բարձրանայ. ուռեցքը կը յայտնուի:

– Ինչո՞ւ մենք մեր կաթի ակռաները կը կորսնցնենք

Մեր կաթի ակռաները ժամանակաւոր ակռաներ են: Անոնք կը բուսնին վեց ամիսէն սկսեալ: Անոնց պաշտօններէն մէկն է լինտը ծակել եւ մեր ծնօտը պատրաստել աւելի մեծ, աւելի տոկուն եւ վերջնական ակռաներուն: Կաթի ակռաները կը թափին վեց եւ տասներեք տարեկանին միջեւ, երբ վերջնական ակռաները կը սկսին զանոնք հրել:

– Ինչի՞ կը ծառայէ քնանալը

Մենք մեր կեանքին մեծ բաժինը կ՛անցընենք անկողինին մէջ. սակայն այս ժամանակը բնաւ կորսուած ժամանակ չէ: Քունը նախ եւ առաջ կը ծառայէ մեծնալու, որովհետեւ երբ մենք կը քնանանք, մեր մարմինը կ՛արտադրէ նիւթ մը, որ մեր ոսկորներուն, մկաններուն եւ ուղեղին կ՛օգնէ աճելու: Քունը անհրաժեշտ է նաեւ օրուան ընթացքին մեր ամբարած տեղեկութիւնները զտելու եւ կարեւոր բաները յիշելու: Վերջապէս, երբ մենք կը քնանանք, մեր մարմինը կը պատրաստուի եւ մենք մեր ուժերը կը վերահաւաքենք: Լաւ առողջութիւն չկայ առանց լաւ քունի:

– Ինչպէ՞ս կը բուժուին մեր վէրքերը

Մեր մորթը կազմուած է միլիառաւոր մանր մասնիկներէ` բջիջներէ: Երբ մենք մեր մորթը կը վիրաւորենք, մեր մորթին մակերեսին վրայի բջիջները կը փճանան: Անոնց քովը գտնուող առողջ բջիջները ունին դէպի այդ վիրաւորուած բաժինը բազմապատկուելու կարողութիւնը: Կամաց-կամաց վէրքը կը ծածկուի նոր բջիջներով եւ կը սպիանայ:

– Ինչո՞ւ մենք կը ձգռտենք

Մեր ստամոքսին մէջ ուտելիքները միասին կը խառնուին եւ, ասիկա պատճառ կը դառնայ, որ կազեր կազմուին: Երբ հաւաքուած շատ կազեր կ՛ըլլան, կամ` մենք կազային խմիչք մը խմած կ՛ըլլանք, կազը կը ճնշէ մեր ստամոքսը գացող մկանին վրայ: Վերջապէս, մկանը կը բացուի, կազը յանկարծակիօրէն կը բարձրանայ… եւ, պը՜րփ, մենք կը ձգռտենք:

– Ինչո՞ւ մեր մորթը սրճագոյն երանգ մը կը ստանայ արեւին ազդեցութեան տակ

Արեւուն լոյսը կրնայ շատ վտանգաւոր ըլլալ: Պաշտպանուելու համար մեր մարմինը մելանին կը պարունակէ: Մելանինը բնական ներկի տեսակ մըն է` պզտիկ տոպրակներու մէջ պահուած: Երբ օդը պայծառ կ՛ըլլայ, այդ տոպրակները կը մեծնան, մելանինի քանակը կը շատնայ, մեր մորթը աւելի մութ գոյն մը կը ստանայ եւ իբրեւ պաստառ  կը ծառայէ արեւու ճառագայթներէն պաշտպանելու համար:

 

Ողիմպիական Զրահ

Յաջորդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան 2014 թուականին, Սոչիի մէջ, Ռուսիա:

Ռուսերը յայտարարած են, թէ ողիմպիական ջահը դադար մը պիտի առնէ անջրպետին մէջ, Յունաստանէն Սոչի իր ճամբորդութեան ընթացքին:

Անջրպետին մէջ այս թռիչքը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբեր ամսուն: Առաջին անգամն է, որ նման բան մը տեղի կ՛ունենայ Ողիմպիական խաղերու պատմութեան մէջ:

 

Հարուստներուն «Թաքսին»՝
Ուղղաթիռը

Սաօ Փաուլօ Պրազիլի ամէնէն հարուստ քաղաքն է: Ահաւոր խճողումներէն խուսափելու համար, բազմամիլիոնատէրերը «թաքսի» չեն առներ: Անոնք կը նախընտրեն… ուղղաթիռ վարձել:

Իր 400 մեքենաներով Սաօ Փաուլօ աշխարհի ամէնէն շատ «թաքսի» ուղղաթիռներ ունեցող քաղաքն է, Նիւ Եորք-էն ետք:

 

Գանգատող Զբօսաշրջիկներ

Աւստրալիացի զբօսաշրջիկները շատ պահանջկոտ են, եւ անոնք վատ սովորութիւն մը զարգացուցած են: Օտար երկիրներուն մէջ գտնուող իրենց դեսպանատուներէն անընդհատ կը պահանջեն օգնել` իրենց հարցերը լուծելու համար:

Սակայն այս հարցերը շատ լուրջ հարցեր չեն, ինչպէս` անցագիրի մը կորուստը, այլ… փոքր մտահոգութիւններ: Ինչպէս, օրինակի համար, ինչպէս իրենց շունը պահել արձակուրդներուն, կամ իրենց ըսել, թէ անապատի աւազը վտանգաւո՞ր է առողջութեան համար…

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Եթէ դուն 12 տարեկան ես երկրագունդին վրայ, մօտաւորապէս 6 տարեկան պիտի ըլլայիր Հրատ մոլորակին վրայ:
  • 1883 թուականին հրաբխային ժայթքումի մը պատճառով արեւը կանաչ երեւցաւ:
  • Խխունջ մը կրնայ սողալ ածելիի մը շեղբին վրայէն` առանց ինքզինք վիրաւորելու:
  • Մժեղները կը նախընտրեն խայթել հոտող ոտքեր ունեցող անձեր:
  • Գիւտարար մը ստեղծած է ուտուելիք պնակներ:
  • Կարգ մը սարդեր ձուկ կ՛որսան եւ կ՛ուտեն:
  • Հրաբուխի ժայթքումներու ազդեցութեան տակ ադամանդներ կրնան բարձրանալ մինչեւ  երկրագունդին մակերեսը:
  • Կարելի է գնել 18 քարաթ ոսկիի մէջ թաթխուած եւ 4053 տոլար արժող կօշիկներ:
  • Մեղր պատրաստող մեղուներ մազեր ունին իրենց աչքերուն գունդերուն վրայ:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել մետաղեայ պաղպաղակին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Քանի՞ հատ ֆութպոլի գնդակ կը տեսնես պատկերին մէջ:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող կերպարները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES