Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Տարեցներու «Ս. Յարութեան Տօն»-ի Համախմբում
Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը զանազան առիթներով կը կազմակերպէ տարեցներու հաւաքներ` նպատակ ունենալով հոգեւոր ու ընկերային մթնոլորտ ստեղծել եւ ուրախացնել այն տարեցները, որոնք առանձին կ՛ապրին եւ ունին նիւթական ու ընկերային դժուար պայմաններ:
Այս ծիրէն ներս ապրիլ 4, 2013-ին հաւաք մը տեղի ունեցաւ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի յարկին տակ: Օրուան հիւրն էր Մեսրոպ քհն. Քերքեզեան: Ան ներկաներուն խօսեցաւ Ս. Զատկուան տօնին մասին, որ նմանութիւն ունի եբրայեցիներու պասքեթի տօնին հետ, որուն ընթացքին կը յիշատակուի Եգիպտոսի ծանր լուծէն իրենց ազատիլն ու ելքը: Ան բացատրեց Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր օրուան յատուկ խորհուրդը, ինչպէս՝ տասը կոյսերուն առակը, ոտնլուան, վերջին ընթրիքը, Յիսուսի խաչելութիւնը եւ յարութիւնը:
Տէր Մեսրոպ խօսեցաւ նաեւ Զատկուան շրջանի սովորութիւններուն խորհրդանշական կարեւորութեան մասին, ինչպէս` հաւկիթ ներկելը կամ հաւկթախաղը:
Օրուան գեղարուեստական բաժնի գործադրութեան մասնակցեցան Քառասուն Մանկանց վարժարանէն աշակերտներ, որոնք ասմունքով ու խմբային երգերով խանդավառեցին ներկաները: Ապա աշակերտները եւ տարեցները միասնաբար խաղցան հաւկթախաղ եւ յաղթական մայրիկը ստացաւ նուէր մը:
Օրուան ճաշը` սու պէօրեկ, նուիրուած էր «Մամիկ» հաստատութեան կողմէ: Աղցանը պատրաստուեցաւ կամաւոր կիներու կողմէ, որոնք նաեւ հիւրասիրութեամբ զբաղեցան: Տարեցներու այս հաւաքը իւրայատուկ է, որովհետեւ անիկա տարբեր սերունդներ միացուց իրարու ու ստեղծեց հոգեկան կապ մը, որ յուզիչ էր ու ազդեցիկ:

