Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Կալա-Ընթրիքը. 156 Հազար Տոլար` Ի Նպաստ Քոլեճի Բարգաւաճման
Ուրբաթ, 3 մայիս 2013-ի երեկոյեան, «Ֆենիսիա» պանդոկի «Կրանտ պոլրում» սրահին մէջ կայացաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին կալա-ընթրիքը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ նախագահութեամբ քոլեճի շրջանաւարտներ Դաւիթ, Քրիստիան եւ Կի Մանուկեաններուն:
Ընթրիքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը, նախարար Փանոս Մանճեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, Ազգային իշխանութեանց մարմիններու ներկայացուցիչներ, քոլեճի խնամակալութիւնը, ինչպէս նաեւ` տիկնանց յանձնախումբի, ուսուցչական կազմի ու պաշտօնէութեան անդամներ, շրջանաւարտներ, ծնողներ եւ բարեկամներ:
Առաջնորդ սրբազանի սեղանօրհնէքէն ետք քոլեճի ուսուցչուհի Լենա Արապօղլեան, քոլեճին անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն. ապա ցուցադրուեցաւ քոլեճի 2012-ի կալայի հասոյթով կատարուած բարեփոխումները, սալայատակուած ու նորոգուած դասարանները, ինթըրաքթիվ պորտերը, հեռատեսիլներն ու համակարգիչները, ֆութպոլի դաշտն ու մարզական սարքերը ներկայացնող տեսերիզ մը, որ կը ծանօթացնէր նաեւ յառաջիկայ տարուան ծրագիրները, որ կը ներառէ երկրորդականի դասարաններու շէնքի ու արդիական գրադարանի ծրագիր, կահ-կարասիներու եւ գրասեղաններու փոփոխութիւն եւ պասքեթպոլի դաշտի նորոգութիւն:
Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը, որ ողջունելէ ետք ներկաները, նշեց թէ անցեալ տարուան կալային քոլեճին ծրագիրները ներկայացնելու ընթացքին տնօրէնութիւնը քաջ գիտէր, թէ կը վայելէր Հայ դպրոցին առաքելութեան հաւատացողներուն նեցուկը:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց անցեալ տարուան կալայի բոլոր ներկաներուն ու նուիրատուներուն, յատկապէս` Մանուկեան եղբայրներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակած են քոլեճի շինարարական աշխատանքներուն, նաեւ` սրբազան հօր եւ Ուսումնական խորհուրդին, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են քոլեճին:
Ապա տնօրէնը հանգամանօրէն ներկայացուց անցեալ տարուան ընթացքին իրագործուած բարենորոգման աշխատանքները եւ ներկայացուց յառաջիկայ տարուան համար մշակուած ծրագիրները, որոնք կը ներառեն ամբողջացնել Ա. յարկի նորոգութիւնը, նորոգել 2-րդ յարկի դասարանները, Դ., Ե. եւ Զ. դասարանները եւս օժտել ուսուցման նորագոյն սարքը համարուող ինթըրաքթիվ պորտերով եւ կահ կարասիներն ու գրասեղանները ենթարկել փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ, նկատի առնելով քոլեճի աշակերտներուն թուային աճը, ընդարձակել վարժարանը եւ գրասենեակներու բաժնին վրայ աւելցնել 2 յարկեր` երկրորդական բաժանմունքին ու արդիական գրադարանի մը կառուցման համար: Իսկ մարզական կեանքի աշխուժացման համար հիմնովին բարենորոգել պասքեթպոլի դաշտը: Տնօրէնին հաստատումով. «Ե. Մանուկեան քոլեճը եղած է ու կը մնայ այն դարբնոցը, որ հայ նոր սերունդներուն հայեցի ու հոգեմտաւոր դաստիարակութեան եւ բարձրորակ ուսման համար ոչ մէկ ջանք խնայած է. եղած է ու կը մնայ ա՛յն փարոսը, որ միշտ կառչած մնալով մեր ազգային սկզբունքներուն, նկարագրին ու աւանդութիւններուն` միեւնոյն ատեն կը գնահատէ նորարարութիւնները կրթական համակարգէն ներս»:
Ապա ան նշելէ ետք քոլեճին արձանագրած յաջողութիւնները պետական քննութիւններու, ներազգային մրցանքներու ու մարզական կեանքին մէջ, խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Մենք հպարտ ենք մեր աշակերտներով եւ քաջ գիտենք, որ մեր եւ ձեր թափած ճիգերը, ի խնդիր հայ աշակերտի վերելքին, մեծապէս արդիւնաւէտ պիտի ըլլան:
Կեցցէ՛ հայ աշակերտը, որ հայ ազգի ապագան է.
Կեցցե՛ն անոր ուսուցիչները, որոնք ոչինչ կը զլանան անոր դաստիարակութեան համար.
Կեցցէ՛ք դուք, սիրելի բարեկամներ, որ մնայուն կերպով նեցուկ էք քոլեճիս.
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեր իւրաքանչիւրին եւ ձեր վարձքը կատար»:
Ապա խօսք առաւ քոլեճի խնամակալութեան ատենապետ եւ շրջանաւարտ Յովիկ Կէօզիւպէօյիւքեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց քոլեճի նախկին խնամակալութիւններուն` իրենց անսակարկ նուիրումին համար ու ներկաներուն փոխանցեց քոլեճի իւրաքանչիւր տնօրէնէ իր ունեցած յիշատակները, շեշտելով, որ յիշատակներն են, որոնք կը կապեն աշակերտները իրե՛նց դպրոցին եւ այդ ջերմ կապին արդիւնքն է, որ օրուան բարերարները` Կապրիէլ Մանուկեանի զաւակները, որոնք այս դպրոցի շրջանաւարտներն են, օժանդակած են ու կը շարունակեն օժանդակել քոլեճին:
Ատենապետը մաղթեց, որ խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը շարունակեն նախորդներուն տարած աշխատանքը եւ բարերարներուն նիւթական օժանդակութեամբ կարելի ըլլայ լաւագոյնը տալ քոլեճին ու հայ աշակերտին:
Ընթրիքին ընթացքին առաջնորդ սրբազան հօր, տնօրէնին եւ խնամակալութեան ատենապետին ձեռամբ յուշանուէրներ ստացան քոլեճի խնամակալութեան երկարամեայ ատենապետներ Ճորճ Գալօղլեան եւ Վրէժ Ճինպաշեան:
Ճորճ Գալօղլեան խօսք առնելով` խորին շնորհակալութիւն յայտնեց խնամակալութեան ու տնօրէնութեան իրեն ընծայուած այս պատիւին համար եւ շնորհաւորեց դպրոցը իր նորանոր նուաճումներուն համար: Վրէժ Ճինպաշեան մատնանշեց, թէ նախկին կազմերը կազմուած կ՛ըլլային ծնողներէ ու բարեկամներէ, իսկ այժմ պատկերը փոխուած է եւ խնամակալութեան կազմը բաղկացած է շրջանաւարտներէ ու ծնող-շրջանաւարտներէ: Ան գնահատելի նկատեց երիտասարդական միտքերը` նշելով, թէ անոնց արդիւնքները գործնապէս կ՛երեւին իրագործուած աշխատանքներուն ընդմէջէն: Ճինպաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց յուշանուէրին համար ու խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Յուշանուէրի պատիւը կ՛ուզեմ բաժնեկցիլ ուսուցիչներուն հետ, որոնք այս դպրոցին սիւներէն կը համարուին, եւ` ծնողներուն հետ, որոնք իրենց զաւակներու դաստիարակութիւնը վստահած են հայ դպրոցին: Պատի՛ւ իրենց»:
Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Գեղամ արք. Խաչերեան, որ շեշտը դրաւ հայ դպրոցի առաքելութեան վրայ ու կոչ ուղղեց հաւաքաբար նեցուկ կանգնելու անոր` վեր առնելով հայ ազգային երկրորդական վարժարաններու կարեւոր դերակատարութիւնը մեր ազգային կեանքէն ներս եւ նշելով, որ ժողովուրդն է, որ միշտ իր կարողութիւններով փորձած է նեցուկ կանգնիլ հայ վարժարանին:
Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ Ե. Մանուկեան քոլեճը կառոյց մըն է, ուր ներդրում կատարելը խանդավառութիւն կը ստեղծէ բոլորին մօտ, որովհետեւ տարուէ տարի քոլեճը կու գայ ցոյց տալու իր նորանոր իրագործումները եւ հպարտալի է, որ կատարուած ներդրումը քոլեճի գոյութիւնը պահելու համար չէ, այլ` անոր յառաջդիմութեան, զարգացման ու բարելաւման համար: Ան նաեւ նշեց, որ նախկին խնամակալութիւններու պարգեւատրումը ցոյց կու տայ աշխատողին հանդէպ եղած յարգանքը, եւ թէ` այժմու յաջողութիւնները նախկին տարիներուն կատարուած շարունակական աշխատանքին արդիւնքն են:
Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը Ազգային իշխանութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Մանուկեան ընտանիքին` գնահատելով իրենց ազգային ոգին, ինչպէս նաեւ բոլորին` իրենց ներկայութեան համար ու խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Ձեր աջակցութիւնը մեր այսօրուան ձեռնարկին յաջող ներդրում է, վստա՛հ ներդրում է, որ Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճը յառաջիկայ տարի մեր տուած գումարը շատ լաւ ձեւով արժեւորուած` մեզի պիտի վերադարձնէ, ու անհամբեր ենք տեսնելու յառաջիկայ տարուան իրագործումները»:
Երեկոյին գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին ջութակահար Առաքել Միքայէլեան եւ արուեստագէտ Կի Մանուկեանի նուագախումբը:
Կալայի ընթացքին օրուան նախագահ Մանուկեան եղբայրներուն կատարած 100.000 տոլարի նուիրատուութեամբ ու ներկաներու առատաձեռն նուիրատուութիւններով յառաջիկայ ծրագիրներու իրագործման ի նպաստ գոյացաւ 156.000 տոլար:


