Հայաստանեայց Եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիները, Աւետարանական Քարոզիչները Եւ Սփիւռք(ներ)ը
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ո՛չ կրօնական, ո՛չ դաւանական, ո՛չ ալ հաւատքի հարցերուն միջամուխ ըլլալու ցանկութիւնը հետագայ տողերուն դրդապատճառներն են: Պատմական արկածներ ծնունդ տուած են տարբերութիւններու, եւ կախարդական ճիպոտի մը հարուածով պիտի չանհետանան անոնք:
Սակայն այսօր կանգնած ենք սփիւռքի ազգային ինքնութեան վերաբերող խնդիրներու առջեւ: Դեռ մինչեւ երէկ, հայերէնը, եւ սփիւռքի պարագային` արեւմտահայերէնը, հարկ է անվարան ընդգծել, ազգային ինքնութեան պաշտպանութեան պայքարի յաջող ընթացքին նպաստող հզօր ազդակ էր: Այսօր կրնա՞նք առանց խուսանաւումներու ըսել, որ այդ ազդակը ուշադրութեան առարկայ է եւ իր անցեալի ազգաշէն դերը կը կատարէ: Երեւելիական-«էսթեպլիշմընթային» ախորժակներ եւ կարգախօսային շատախօսութիւնները, համախոհութիւններ պահպանելու եւ մարդ չվշտացնելու վատութիւնը չեն թոյլատրեր այս կարգի հարցեր արծարծել: (Չ)իմաստութի՞ւն է ճահիճին քար չնետել:
Հայաստանեայց եկեղեցին մեր ժողովուրդին համար միայն հաւատքի տուն չէ եղած: Ան ունեցած է ազգային էական դեր: Ազգային լեզուի եւ ազգային մշակոյթի պաշտպանութեան եւ տեւականացման նպաստած է շատ աւելի քան քաղաքական իշխանութիւնը: Սակայն այսօր հայ կրօնաւորներու մէկ կարեւոր տոկոսին համար այդ բծախնդրութիւնը աստիճանաբար չքացած է: Ոմանք զանգուածի ամբոխային տեղատուութեան հետ քայլ կը պահեն, եթէ չառաջնորդեն, «հասկցուելու» տեսակ մը մանկավարժութեան-քաղաքականութեան հետեւելով, եւ եկեղեցիներու խորանները եւ բեմերը կը դառնան օտարախօս: Այս խայտառակ կացութիւնը նոյնիսկ կը համարեն յառաջդիմութիւն` իրենք զիրենք արդարացնելով «ժողովուրդը այդ կը պահանջէ» փաստարկով: Իսկ ի՞նչ կ՛ուզէ ազգը…
Երբ խորանները եւ բեմերը օտարալեզու չեն դառնար, կարծէք նաեւ խուսափելու համար քննադատութենէ, այս անգամ խօսուած հայերէնը կը խեղճանայ, կը դառնայ գրեթէ նախնական, չեն յարգուիր քերականութիւն եւ շարահիւսութիւն: Եթէ աղճատ լեզուով ֆրանսերէն, անգլերէն, արաբերէն, իտալերէն, գերմաներէն կամ այլ լեզուով խօսուի, «հաւատացեալներ»-ը այդ անընդունելի կրնան համարել, խօսողներն ալ չեն կրնար համարձակիլ այդ ընել: Բայց աղճատ հայերէնը կարծէք շնորհ է, որ կը շպրտուի հայերու առջեւ: Կարելի է վատորակ հայերէն խօսիլ, բայց ընդունելի չեն վատորակ օտար լեզուները: Հայ եկեղեցականը պարտաւորութիւն ունի հայ հաւատացեալին հանդէպ` չաղարտելու համար անոր ազգային հարազատութիւնը, ինքնութիւնը: Երբ կրօնաւոր պատրաստելու համար մարդկային եւ նիւթական ներդրումներ կ՛ըլլան, աստուածաբանութեան, այլ լեզուներու եւ գիտութիւններու կողքին, որակաւոր հայերէն պէտք է ուսուցուի: Հայերէն, որ անգլերէնի, արաբերէնի, ֆրանսերէնի կամ այլ լեզուի մը արձագանգին չնմանի:
Հայ մամուլը պարտք պէտք է համարէ երբեմն արձագանգել խորանէն կամ բեմէն խօսուածին` որպէս բովանդակութիւն եւ որակ, նաեւ` որպէս լեզուի որակ: Այսինքն պէտք չէ վարանի ճշմարտութիւնը հրամցնելու եւ ի հարկին` քննադատելու:
Այժմ, կարծէք գոյութիւն ունեցող խառնակութիւնը չէր բաւեր, սփիւռք(ներ)ու խորաններէն եւ բեմերէն կը հրամցուի ներհայկական «էսփերանթօ»` արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի ապաշնորհ խառնուրդով: Հիւրաբար արտասահման գտնուող Հայաստանի եկեղեցականը բնականօրէն կրնայ խօսիլ արեւելահայերէն, եւ փոխադարձաբար Հայաստան գտնուող սփիւռքի եկեղեցականը կրնայ արեւմտահայերէն խօսիլ, բայց որպէս հովիւ եկած եկեղեցականը իր ծուխը հասնելէ առաջ իւրացուցած պէտք է ըլլայ արեւմտահայերէնը: Սփիւռքի ինքնութեան, տոկալու եւ տեւելու կարելիութեան հարուած կը հասցուի, երբ խորանէն եւ բեմէն կը հոսի աղճատ հայերէն մը: «Չեղածէն լաւ է»-ի տրամաբանութիւնը ազգային չարիք է, եւ գիտակից ղեկավարութիւնը, կրօնական թէ աշխարհիկ, առանց որձեւէգ խուսանաւումներու իր ազգային իրաւ պատասխանատուութիւնը ստանձնելով` պիտի կասեցնէ աւերը:
Հաւանօրէն այլ աշխատանք մըն ալ կարելի է: Կազմակերպութեամբ եւ ներդրումներով, սփիւռքի կրօնական կարիքներուն համար պատրաստել «սփիւռքածին» հովիւներ, որոնք Արեւմտահայաստանի եւ արեւմտահայերէնի ժառանգութիւնը երաշխաւորեն:
Հաւատացեալը, որ ունի նաեւ ազգային անսեթեւեթ գիտակցութիւն, նողկանք կը զգայ խառնուրդ եւ խառնածին հայերէն մը լսելով: Իսկ երբ խորանը եւ բեմը կը դառնան օտարախօս, ինք իր անձին հաւատարմութիւն զգացողը հարց կու տայ, թէ ո՞ւր կը գտնուի, հայու հաւատքի տո՞ւնը, թէ՞ Քամչաթքա…
Հոգեկան եւ ոգեկան խուճապը կասեցնելու կամք ունի՞նք: Այս խնդիրները աղմուկի կարգախօս չեն, դրացիներուն չեն վերաբերիր, բարեսիրական զեղումներու չեն առնչուիր:
Ասոնք յետաձգուելիք հարցեր չեն: Անոնց մասին չխօսիլ` հակաիմաստութիւն է:
Նուազի-լը-Կրան

