Սրբուհի Գազեզեանի Յիշատակին
Քառասուն օրեր առաջ, ԼՕԽ-ական Սրբուհի Գազեզեանի մահուան գոյժը թախծալից հոգեվիճակ մը ստեղծեց հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն, բարեկամներուն, հարազատներուն, ինչպէս նաեւ` ԼՕԽ-ի բազմանդամ ընտանիքին մէջ:
Սրբուկ քաջատեղեակ ըլլալով ԼՕԽ-ի հետապնդած օգտակար նպատակին եւ հաւատալով անոր սրբազան առաքելութեան, յօժար կամքով, եռանդով ու նուիրումով ծառայած է շրջանի «Աշխէն» մասնաճիւղին եւ ԼՕԽ-ի միջոցով սատարած է անտէր հայ ծերունիին, սրբած է արցունքը կարօտեալին, ապահոված է հայ աշակերտին աթոռը հայկական կրթօճախներէն ներս:
Երկար տարիներու իր ունեցած փորձառութիւնը վարչական ու միութենական կեանքէն ներս, վաստակը, ներդրումը եւ օգտակար առաջարկները նպաստած են մասնաճիւղի բարգաւաճման ու ձեռնարկներու յաջողութեան:
Ան պարտաճանաչ, գիտակից ու օրինակելի հայուհի մըն էր, քաջալերող ու արժեւորող` միութեան բոլոր նախաձեռնութիւնները: Իր բնակարանը դարձուցած էր մասնաճիւղի ձեռնարկներուն իրագործման անպաշտօն ակումբը: «Աշխէն» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ճաշկերոյթներուն, միջինքներուն, ճաշի պազարներուն պատրաստութիւնը գրեթէ կը կատարուէր իր տան մէջ` նիւթաբարոյական մասնակցութեամբ, ստանձնելով ձեռնարկներուն աշխատանքները: Ան երկար տարիներ մաս կազմած ըլլալով վարչութեան` ընդհանրապէս կը ստանձնէր սեւ աշխատանքները: Ան երբեք չէր ցանկացած դիրքի, փառքի պաշտօններ ստանձնելու: Ազնուագոյն, համեստ հայուհին էր ան, սակայն անգութ հիւանդութիւնը եւ անոր հետեւող դաժան մահը կանուխ մարեցին անոր արեւը` զինք բաժնելով իր ընտանիքէն, բարեկամներէն ու իր շատ սիրած ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքէն:
Յիշատակդ անթառամ մնայ, սիրելի ընկերուհի:
ԼՕԽ-ԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒՀԻ ՄԸ

