Աւստրիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Աւստրիա Վիեննա Ախոյեան` Եօթը Տարի Ետք
Աւստրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ իր կատարած մրցումին, Աւստրիա Վիեննա 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մաթերսպուրկի, հանդիսացաւ ախոյեան` եօթը տարուան սպասումէ մը ետք:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք անիկա ութ կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Սալզպուրկի վրայ` ախոյեանութեան աւարտէն հանգրուան մը միայն առաջ:
Աւստրիա Վիեննա, որ 24-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ երկրի ախոյեան, երկու տիտղոսով ետ է միայն Ռափիտ Վիեննայէն, որուն կը պատկանի լաւագոյն մրցանիշը (26):
Նշենք, որ վերոնշեալ երկուքը, յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի մասնակցին «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն:
CATEGORIES Մարզական

