«Ճաղատ Սոփրանոն» Թատերախաղին Առիթով «Մեր Առօրեային Մէջ Առկայ Անհեթեթութիւններուն Մասին Է Այս Թատերախաղը «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Յակոբ Տէր Ղուկասեան
Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
«Արուեստի գործ մը ամէն բանէ առաջ մտքի արկածախնդրութիւն է»:
Այս խօսքը կը պատկանի ծագումով ռումանացի բեմադրիչ Էօժէն Իւնեսքոյի, որ անհեթեթի թատրոնի կարկառուն դէմքերէն մէկն է, ան իր գործերը գրած է ֆրանսերէնով:
Այո՛, արուեստի գործը մտքի արկածախնդրութիւն է, եւ իւրաքանչիւր արուեստագէտ այդ արկածախնդրութեան զգացումը կը փնտռէ, ստեղծագործելու, միտքեր չարչրկելու, նորութիւններ բերելու եւ հաւաքականութեան պատգամ փոխանցելու:
Իւնեսքոյի այս խօսքը լաւագոյն ձեւով կը ներկայացնէ լիբանանահայ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանը, որ 2-րդ տարին ըլլալով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչի պաշտօնը ստանձնեց: Այս տարի ան ընտրած է Էօժէն Իւնեսքոյի «Ճաղատ սոփրանոն» թատերախաղը, որ անհեթեթ ոճին կը պատկանի: Անհեթեթի թատրոնը 1950-ական թուականներուն եւրոպացի թատերագիրներուն կողմէ ստեղծուած ոճ է: Լիբանանահայութիւնը թերեւս մօտէն ծանօթ չէ այս ոճին, բայց պէտք է ըսել, որ իսկապէս քաջութիւն է նման գործ մը բեմ հանելը այսքան կարճ ժամանակի մէջ:
«Ճաղատ սոփրանոն» թատերախաղին մէջ պէտք է կեդրոնանալ կացութիւններուն վրայ: Անգամ մը, որ մտածենք, պիտի անդրադառնանք, որ կեանքի մէջ կան այնպիսի երեւոյթներ, որոնք իսկապէս անհեթեթ են: Այդ երեւոյթները ամէն տեղ եւ բոլոր ժամանակներուն կը տեսնենք` բեմին վրայ ներկայացուած կացութիւններ, քաղաքական, ընտանեկան, ազգային, միութենական մակարդակներու վրայ: Մենք յաճախ ականատես ու ականջալուր կ՛ըլլանք այնպիսի դէպքերու, խօսակցութիւններու, ժողովներու, համագումարներու, որոնցմէ եթէ վայրկեան մը անջատուինք ու մենք մեզ դուրս բերենք այդ պատկերէն, պիտի նկատենք, որ պատահածը` վէճը, խօսակցութիւնը, քննարկումը կատարեալ անհեթեթութիւն է:
Բեմին վրայ երբ կեանքի բոլոր վարագոյրները կը բացուին, ի յայտ կու գայ նաեւ մարդուն ներաշխարհը, անոր հոգեկան տագնապները, չար միտքերը, որոնք ոչ մէկուն տեսանելի են, եւ հո՛ն է, որ պիտի անդրադառնանք, թէ բեմին վրայ կանգնած դերասանը ինքնին մարդն է` իր հարազատ պատկերով, ներքին, մութ եւ գաղտնի մտածումներով, սակայն արտաքնապէս սովորական մարդու կերպարանքով:
«Ճաղատ սոփրանոն» թատերախաղը նաեւ մեր ուշադրութեան կը յանձնէ մեր առօրեան լեցնող ժամերը, լռութիւնները, անիմաստ խօսակցութիւնները, հակասական արտայայտութիւնները, անպատասխան մնացած հարցումները, մարդուն ճիգը` ինքզինք արթուն պահելու, խելացի ձեւացնելու եւ իր խօսքը պարտադրելու:
Հին թէ նոր դերասանները լաւագոյն ձեւով կը մարմնաւորեն իրենց կերպարները, որոնք բաւական դժուար եւ բարդ կացութիւններ ստեղծելով հանդիսատեսին կ՛ուզեն փոխանցել պատգամ մը:
Ա՛յս է կեանքը: Եթէ չշարժինք, փորձեր չկատարենք փոխելու, կը մնանք անհեթեթ աշխարհի ստեղծած անհեթեթ կացութիւններուն մէջ:
ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը լիբանանահայ հանդիսատեսին կը ներկայանայ նոր թատերախաղով մը` Իւնեսքոյի «Ճաղատ սոփրանոն», բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:
Թատերախաղին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի հետ:
Նախքան բեմադրիչին հետ մեր զրոյցը «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին մեզի մանրամասնութիւններ փոխանցեց «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Լեւոն Ակոբեան:
«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ կրնաք ըսել թատերախումբի այս տարուան աշխատանքներուն եւ Յակոբ Տ. Ղուկասեանի հետ գործակցութեան փորձառութեան մասին:
ԼԵՒՈՆ ԱԿՈԲԵԱՆ.- «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին համար այս տարի հեւքոտ տարեշրջան մը եղաւ. քանի մը ամիս առաջ ներկայացուցինք այլ թատերախաղ մը, որուն մասին տարբեր կարծիքներ արտայայտուեցան: Մեզի համար մարտահրաւէր մըն էր 2-րդ թատերախաղ մը ներկայացնելը, բայց այդ արկածախնդրութեան դիմեցինք եւ ահաւասիկ լիբանանահայ հանդիսատեսին կը ներկայացնենք «Ճաղատ սոփրանոն» անհեթեթի ոճով թատերախաղը:
Յակոբ Տէր Ղուկասեանը մեզի համար արժէք մըն է, եւ իր բեմադրութիւնները կը դրսեւորեն իր տաղանդը: Անցեալ տարի երբ «Զանզալախդ»-ը ներկայացուցինք, տեղացիներ ալ ներկայ եղան եւ իրենց վկայութեամբ նման գործ մը ներկայացնելը բաւական քաջութիւն կ՛ենթադրէ եւ մեր դերասանները յաջողած էին լաւապէս մարմնաւորել իրենց կերպարները:
Այս թատերախաղի պարագային ալ վստահ ենք, որ շատեր հարց պիտի տան. «Ինչո՞ւ այս գործը», «Ինչո՞ւ հիմա»: Վստահելով բեմադրիչին կարողութեան եւ տեսլականին` մենք սկսանք փորձերուն: Դժուարութիւնները շատ էին, մօտաւորապէս 5 ամիսէ կ՛աշխատինք, եւ կարելի է ըսել, որ դերասանները արհեստավարժ կերպով կը ներկայացնեն իրենց ստանձնած դերերը: Վստահ ենք, որ Համազգայինի 85-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ այս թատերախաղը պիտի ըլլայ յաջող հանգրուան մը:
Այս առիթով կը հրաւիրենք բոլոր հայ երիտասարդները դիտելու այս թատերախաղը: Մենք պատրաստ ենք հրաւէրներ բաժնելու, որպէսզի գան եւ ծանօթանան հայ թատրոնին: Նոր սերունդի զաւակները վաղը պիտի դառնան ղեկավարներ, որոնք պիտի տնօրինեն այս գաղութի ճակատագիրը. հետեւաբար, պէտք է մօտ ըլլան մեր մշակոյթին ու արուեստին: Ես կը հաւատամ, որ ազգ մը առանց իր մշակոյթին կը կորսուի: Քաղաքականութիւնը կրնայ փոխուիլ, ժամանակները կը փոխուին, բայց եթէ լեզուն եւ մշակոյթը կորսուին, այդ ազգը կը ձուլուի եւ կ՛անհետանայ:
Այս իմաստով Համազգայինի Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութիւնը ամէն ճիգ կը թափէ իր շուրջ համախմբելու համար երիտասարդներ: Բարեբախտաբար Յակոբ Տէր Ղուկասեանը երիտասարդ ըլլալով կրցաւ նոր եւ երիտասարդ տաղանդներով օժտել դերասաններու խումբը:
Կ՛ուզեմ նաեւ մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնել այն, թէ վերջին ներկայացման աւարտին քննարկումի առիթ պիտի տրուի ներկաներուն: Այս գաղափարը բեմադրիչին առաջարկն էր, եւ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 26 մայիսին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` ներկայացման աւարտին: Յոյսով ենք, որ այս երկխօսութիւն-քննարկումը լաւ անդրադարձ կ՛ունենայ գաղութին մէջ:
«Ա.».– Ինչո՞ւ «Ճաղատ սոփրանոն», ինչպէ՞ս եղաւ ընտրութիւնը այս թատերախաղին:
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Երբ նախորդ տարի ստանձնեցի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչի պաշտօնը, ունէի յստակ նպատակ` խումբը վերադարձնել «Գ. Իփէկեան»-ի փառքի օրերը, եւ տեղացի հանդիսատեսին ցոյց տալ մեր կարողութիւնները:
Փափաքս է, որ ինչպէս որ կ՛երթան օտար թատրոն կը դիտեն. հայկականն ալ դիտեն եւ այսպիսով ունենանք հայկական թատրոնի սիրահարներ օտար միջավայրի մէջ: Այս երեւոյթը կարեւոր է նաեւ լիբանանահայ դերասաններուն համար, որոնք գրեթէ արհեստավարժ կերպով կը խաղան իրենց դերերը եւ ինչու չէ ստեղծուի առիթ, որ օր մը իրենց առաջարկուի օտար թատերախաղերու մէջ դեր ստանձնել:
Այս նպատակով առաջին թատերախաղը ընտրեցի «Զանզալախդ»-ը: Այս թատերախաղին առիթով ըսեմ հետեւեալը. ինքնաշարժիս մէջն էի, քառուղիի մը վրայ կարմիր լոյսը վառած էր եւ կը սպասէի, որ կանաչ ըլլայ, որպէսզի շարունակեմ ճամբաս: Ոստիկանը մօտենալով հրամայեց, որ քալեմ, նոյնիսկ սպառնաց ինքնաշարժ վարելու արտօնագիրս գրաւել, մինչ այդ այլ ոստիկան մը իր կարգին հրահանգեց, որ դիմացէն եկող ինքնաշարժերն ալ շարէին. ստիպուած հետեւեցայ հրահանգին եւ քալեցի, դիմացի ինքնաշարժն ալ քալեց եւ դէմ դիմաց կեցանք: Բնականաբար ճամբան փակուեցաւ եւ ժամեր տեւեց մինչեւ որ այդ հանգոյցը քակուի, եւ ամէն մարդ շարունակէ իր ճամբան: Այս դէպքին ընթացքին անդրադարձայ, որ ասկէ աւելի անհեթեթ կացութիւն չի կրնար ըլլալ, եւ մեր կեանքը, յատկապէս ներկայ քաղաքականութիւնը, ղեկավարներու հակասական արտայայտութիւնները, անհեթեթ վիճակներ կը պարզեն եւ ցաւալին այն է, որ մենք կ՛ապրինք այդ անհեթեթ կացութեան մէջ եւ ոչինչ կ՛ընենք: Այս կացութենէն մեկնելով` միակ թատերախաղը, որ միտք ելաւ Իոնէսքոյի «Ճաղատ սոփրանոն» էր, մանաւանդ երկրորդ տեսարանը, ուր կայ իսկապէս անհեթեթ խօսակցութիւն մը:
Թատերախաղին մէջ կայ անհատներու միջեւ երկխօսութեան բացակայութեան երեւոյթը, մանաւանդ զոյգերու միջեւ, երբ գիշերը նստած են եւ ոչինչ ունին ըսելիք, կամ կինը կը խօսի, սակայն ամուսինը չի լսեր, ինչ որ մեր առօրեային մէջ շատ կը նկատենք, այդ պատճառով ընտրեցի այս թատերախաղը:
«Ա.».- Անցեալ տարի ժողովուրդը երբ «Զանզալախդ»-ը դիտեց, քիչ մը ցնցուեցաւ, որովհետեւ ծանօթ չէր ձեր ոճին: Բեմադրութիւնը այնպիսին էր, որ հանդիսատեսին մղել կու տար մտածելու եւ իր անձը փնտռելու այդ կերպարներուն մէջ: Այսպիսի թատերախաղերու ներկայացումները որքա՞ն կարեւոր են:
Յ. Տ. Ղ.- Առաջին հերթին ըսեմ, որ «Ճաղատ սոփրանոն» շատ տարբեր է «Զանզալախդ»-էն, վերջինիս մէջ կային յստակ տիպարներ, եւ կար որոշ զարգացում մը, որ կրնայ ըլլալ քիչ մը անորոշ էր, սակայն որոշ ընթացք մը ունէր, եւ անհասկնալի կացութիւնները կը դառնային հասկնալի, որովհետեւ տիպարները խենթեր էին:
«Ճաղատ սոփրանօ»-ի պարագան նոյնը չէ: Այս թատերախաղին մէջ կարեւորը կացութիւնն է, եւ ոչ թէ տիպարը եւ պատմութիւնը:
Ես թատերախաղ մը չեմ ներկայացներ ինչպէս որ է. այս պարագային եւս որոշ փոփոխութիւններ կատարեցի, աւելցուցի տիպարներ, որոնք գոյութիւն չունէին: Իսկ թէ որքա՞ն կարեւոր է այսպիսի նիւթ մը ներկայացնելը, առաջին հերթին կը կարծեմ, թէ թատրոնի սիրահարներուն համար, որոնք բաւական ժամանակէ կտրուած են նման ներկայացումներէ, ձեւով մը պիտի սկսին քայլ պահելու:
Ես կը կարծեմ, թէ թատրոնը առուծախէ աւելի փորձառութիւն մըն է եւ այդ պատճառով ալ առաջին ելոյթէն ետք, ամէն ինչ կը վերջանայ, մնացեալը կրկնութիւն մըն է, մասնաւոր նորութիւն մը չկայ: Վարագոյրը բացուելէն ետք բեմադրիչը ոչինչ ունի կատարելիք, անոր աշխատանքը անկէ առաջ է:
«Ա.».- Վստահաբար դժուար է դերասանները այդ տիպարներուն մթնոլորտին մէջ դնելը, զանոնք մղել ապրելու այդ կերպարները այնպիսի ձեւով մը, որ հանդիսատեսին համար հաւաստի ըլլայ:
Յ. Տ. Ղ.- Կրնայ ըլլալ, որ քիչ մը կանուխ էր «Ճաղատ սոփրանոն» ներկայացնելը: Թերեւս պէտք էր քանի մը տարի ետք բեմադրել զայն` դերասանները պատրաստելէ ետք: Այս թատերախաղին համար դժուար եղաւ դերասանուհի գտնելը: Առաջին հերթին քիչ են եւ դերին յարմար պէտք է ըլլան, ինչ որ դժուարութիւն ստեղծեց: Դժբախտաբար տակաւին անոնց մօտ կայ այն մտավախութիւնը, որ երբ բեմ բարձրանան եւ դեր մը խաղան իրենց մասին վատ պիտի խօսուի: Համարձակութիւն եւ քաջութիւն պէտք է, եւ ժամանակն է, որ կանացի ձիրքերը հրապարակ գան եւ իրենք զիրենք պարտադրեն, որովհետեւ կարիքը կայ անոնց: Դժբախտաբար միշտ չէ, որ կրնան «Անուշ»-ի նման դերեր խաղալ, «մաքուր» տիպարներ ըլլալ: Թատրոնը կեանք է, եւ կեանքի մէջ պատահածները բեմին վրայ են, իսկ կեանքը նախքան մաքուր ըլլալը աղտոտ է: Մենք է, որ պիտի մաքրենք այս կեանքը: Ուրեմն երբ վատ կերպար մը կը ներկայացնէ դերասան մը, չի նշանակեր, որ ինք այդպէս է:
«Ա.».- Խումբին մէջ նոր անդամներ կա՞ն:
Յ. Տ. Ղ.- Կրնամ ըսել, թէ քանի մը նոր դէմքեր կան, մնացեալը նախորդ թատերախաղի դերասաններն են: Այս թատերախաղը, ինչպէս ըսի, կացութիւններու վրայ հիմնուած է եւ ոչ կերպարներու, այդ պատճառով ալ դժուար եղաւ դերասաններուն հետ աշխատիլը: Կը կարծեմ, որ ներկայացումը 2 – 3 տարի ետք եթէ խաղայինք, արդիւնքը տարբեր պիտի ըլլար: Սակայն դարձեալ կ՛ըսեմ, որ այս անգամ ալ «տարեց» դերասաններուն կը նայիմ եւ «ապրի՛ք» կ՛ըսեմ, որովհետեւ դիւրին չէ, երբ ամբողջ օրը այլ աշխատանքով կը զբաղիս, երեկոյեան ժամը 8:00-էն ետք խանութդ կը գոցես, կու գաս թատերասրահ եւ քեզմէ տարիքով փոքր բեմադրիչի մը ցուցմունքներուն կ՛ենթարկուիս, մանաւանդ որ դերասանութիւնը իրենց ասպարէզը չէ, եւ չեն վարձատրուիր, սակայն անոնք կը պաշտեն թատրոնը, եւ այս կէտին մէջ կը կարծեմ, թէ Վարուժան Խտըշեանը մեծ դեր ունեցած է:
«Ա.».- Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի պաշտօնը ստանձնելը ձեր մէջ ի՞նչ փոխեց: Գո՞հ էք արդիւնքէն:
Յ. Տ. Ղ.- Այդ օրը, որ գոհ ըլլամ, կը նշանակէ, որ պէտք է դադրիմ աշխատելէ. երբեք գոհ չես կրնար ըլլալ, որովհետեւ երբեք կատարելութեան չես կրնար հասնիլ: Համազգային եկայ որոշ ծրագիր մը իրականացնելու: Դժբախտաբար սակայն Համազգայինը այնքան ծանրաբեռնուած է, որ թատրոնը միութենէն իր իրաւունքը չի ստանար: Միութիւնը շատ բան ունի ընելիք թատրոնին համար, որմէ ետք կու գայ հանդիսատեսին դերը: Միութիւնը տակաւին թատերախումբին պէտք եղած ձեւով չի գուրգուրար, թերեւս միւս մարզերէն աւելի ծախսալից ըլլալուն պատճառով: Եթէ ամբողջական իրաւունքը տրուի, անիկա կը փայլի նոյնքան, որքան պարախումբն ու երգչախումբը:
Սակայն այդ մէկը կատարելու համար պէտք է թատրոնին նկատմամբ տարբեր մօտեցում ըլլայ: Չենք կրնար այսօր թատերախումբին գործ մը յանձնել տոքթ. Փափազեանի, Ժորժ Սարգիսեանի կամ Վարուժան Խտըշեանի ժամանակներու վարչագիտական ձեւերով:
Թատրոնը բան մըն է, որ բեմին վրայէն վար պէտք է իջնէ, այլապէս ոչինչ կը շահիս, այդ «վարը» ապահովելու համար բեմին վրայ ներկայացուածը այնքան հրապուրիչ պէտք է ըլլայ, որ մարդիկ ժամը 7:30-ին ամէն բան ձգեն եւ թատրոն գան:
«Ա.».- «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը ձեր ոճով աշխատելու համար սկսաւ զերոյէն, երկրորդ տարին ըլլալով կը կարծէ՞ք, որ յաջողեցաք ներգրաւել դերասանները: Իսկ յառաջիկայ տարիներուն համար թատերական երկերու որոշ պատկերացում ունի՞ք:
Յ. Տ. Ղ.- Թատերախումբի անդամները «Զանզալախդ»-ի ներկայացումներու աւարտէն անմիջապէս ետք կը հարցնէին յաջորդ բեմագրութեան մասին: Անցեալ տարի այսպէս կամ այնպէս կրցանք «Զանզալախդ»-ը ներկայացնել, այս տարի որոշ խոստումներ տրուած էին, թէեւ չյարգուեցան, բայց յաջողեցանք բեմ ելլել, սակայն վերջին վայրկեանին:
Յառաջիկայ տարի աշխատանքս վստահ դերասաններուն հետ պիտի չըլլայ, այլ` վարչական գործերուն, եւ եթէ յաջողիմ վստահ պիտի շարունակեմ, որովհետեւ իսկապէս դժուար եղաւ այս տարուան աշխատանքը: Ես չեմ սիրեր, որ ըսուի` «չենք կրնար, կարողութիւնը չունինք» կը հաւատամ, որ Համազգայինը մշակութային գետնի վրայ այնքան մը զօրաւոր է, որ կրնայ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը շատ աւելի բարձր մակարդակի հասցնել, որովհետեւ կարելիութիւնը կայ, բեմադրիչը կայ, դերասաններն ալ կան, կարելի է դերասանուհիները գտնել: Կարեւորը վարչական աշխատանքն է, պէտք է նստիլ եւ լրջօրէն քննարկել, թէ թատերախումբը ինչպէ՞ս պէտք է գործէ, որպէսզի մօտենայ արհեստավարժութեան: Ճիշդ է, որ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը, թատերախումբի վարչութիւնը եւ այլ կամաւորներ սրտանց կ՛աշխատին եւ կը յոգնին մեզի համար, բայց վարչական աշխատանքի մէջ թերացում կայ, որ պէտք է սրբագրուի:
«Ա.».– Գ. Իփէկեան թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Լեւոն Ակոբեան այստեղ մէջբերում մը ըրաւ` ըսելով. «Ժամանակները փոխուած են, ներկայ մօտեցումով դժուար թէ յաջողինք: Այսօր կարեւոր է նիւթական մեծ ներդրումներ ապահովել, որպէսզի բարձր մակարդակի վրայ պահենք թատերախումբը, այլապէս վերջին վայրկեանին նուիրատուութիւններ հաւաքելով, «մուրացկանութիւն» կատարելով տեղ չենք հասնիր, պէտք է լրջօրէն մտածենք այս հարցին մասին»:
Յ. Տ. Ղ.- Այլեւս թատերախաղ ներկայացնելը չէ հարցը, այլ ինչպէ՛ս ընելը: Այդ պատճառով ալ կը կարծեմ, թէ թատրոնը կը սկսի, երբ որոշում կու տաս, տանդ դուռը կը փակես եւ կ՛ուղղուիս դէպի թատերասրահ, այդ պահէն կը սկսի թատրոնը: Թատրոնը կեանք է ինծի համար, եւ կարեւոր է, որ այդ կեանքը ներկայացուի այնպէս, ինչպէս որ է:
Անցեալ տարի քիչ մը շատ անուղղակի նկատողութիւններ եղան այն մասին, թէ` «այս թատերախաղը «Գասպար Իփէկեան»-ին յարմար չէ»:
Այս տարի եւս կ՛ուզեմ ըսել, որ որովհետեւ թարգմանութիւն է, եւ մեծ աշխատանք տարուած է, բեմագրութիւնը ֆրանսական գրականութեան օրէնքներուն հետ կապ չունի: Բնագիրին մէջ ֆրանսերէնի քերականական սխալներ կան, որովհետեւ Իւնեսքօ գրած է նմանացման ոճով, որ կատարելապէս անհեթեթ է, եւ երբ թարգմանուեցաւ, պահուեցաւ այդ ոճը, այսինքն հանդիսատեսին մանաւանդ «փողկապ»-ով հանդիսատեսին կ՛ուզեմ հասկցնել, որ «զիս»-ը վերածուած է «ինծի»-ի, որովհետեւ խօսակցութիւնը բնագրին մէջ «ինծի» է, եւ ոչ թէ «զիս»: Այդ պատճառով ալ բնագիրէն զեղչած եմ վերջին տեսարանը, որովհետեւ անկարելի է թարգմանելը, նախադասութիւնները կը վերածուին բառերու, բառերը վանկերու, իսկ վանկերը ձայներու եւ այդպէս կ՛աւարտի թատրոնը:
«Ա.».- Մտադի՞ր էք հայկական թատերախաղ մը ներկայացնել:
Յ. Տ. Ղ.- Եթէ յառաջիկայ տարի եւս մնամ «Գասպար Իփէկեան»-ի հետ, ունիմ օտար բեմագրութիւն մը եւս, զոր կ՛ուզեմ անպայման ներկայացնել, եւ եթէ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հետ համաձայնութիւն գոյացնենք, իրենց պիտի առաջարկեմ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով հայկական թատերախաղ մը, սակայն ի՛մ ոճովս, այսինքն` վերատեսութեան ենթարկուած:
«Ա.».- Երբ կը խօսինք ոճերու մասին, յատկապէս հինը նոր ոճով ներկայացնելու երեւոյթին մասին, ո՞ւր է փոփոխութեան սահմանը, ըստ ձեզի:
Յ. Տ. Ղ.- Ամէն բան կարելի է փոխել, այնքան ատեն, որ ներկայացուցածդ արուեստի գործ է եւ կը յարգես հեղինակին սկզբունքները, բայց կը կատարես որոշ փոփոխութիւններ: Իսկ եթէ հարց տանք, թէ` «ո՞վ կը դնէ արուեստի այդ չափանիշները», շատ ծիծաղելի պիտի ըլլայ այդ հարցումը, որովհետեւ ներկայ դարուս ոեւէ մէկը կրնայ ըսել, որ ես արուեստագէտ եմ:
Իմ կարծիքովս, եթէ հաւատարիմ մնաս հեղինակին բնագիրին, ոչ մէկ արգելք կայ փոփոխութիւններ կատարելու, որովհետեւ ի վերջոյ դուն ալ բեմադրիչ ես եւ քու մտածումներդ ու գաղափարներդ ունիս: Կեանքը փոփոխական է, եւ յառաջդիմելու համար յեղափոխութիւն պէտք է, այդ պատճառով ալ սահման չկայ. կարեւորագոյնը որակաւոր ներկայացում պատրաստելն է:


