Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անդրանիկ Պէյրութ Փոխադրուեցաւ Բ. Դասակարգ. Թատամոն Զուք Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ
Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով երէկ գիշեր տեղի ունեցած Թատամոն Զուք Անդրանիկ Պէյրութ երկրորդ ճակատումը առաջինին նման աւարտեցաւ Բ. դասակարգին մաս կազմող Թատամոն Զուքի յաղթանակով` 53-46 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 16-7, 23-16, 35-31 եւ 53-46:
Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցած այս ճակատումին իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ, Թատամոն Զուք 2-0 արդիւնքով յառաջանալով բարձրացաւ Ա. դասակարգ, մինչ Անդրանիկ Պէյրութ փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:
Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնար Անդրանիկի համար Ա. դասակարգին մէջ գոյատեւելու, իսկ Թատամոնի համար Ա. դասակարգ բարձրանալու մրցումներուն ծիրին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

