Հենտպոլ. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականին Գլխաւոր Մարզիչը Հրաժարեցաւ
ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Հենտպոլի աղջկանց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Աստղիկ Կիւրչինեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն:
Հայաստանի Հենտպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ատիկա հետեւանք է Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն Հայաստանի արձանագրած անյաջող ելոյթներուն` Ե. խմբակին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

