Ճատրակ. Հայաստան Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութեան Կը Մասնակցի 4 Ներկայացուցիչով
Երէկ` հինգշաբթի, 23 մայիսին, Ջերմուկի մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի 74-րդ ախոյեանութեան զտումի հանգրուան հանդիսացող ճատրակի մրցաշարքը:
Մրցաշարքի տիտղոսին տիրացաւ ՖԻՏԷ-ի վարպետութեան թեկնածու Մանուէլ Պետրոսեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7,5 կէտ: Պետրոսեանէն կէս կէտով միայն ետ մնացին Դաւիթ Քալաշեան եւ Գրիգոր Դիլանեան:
Անոնք երեքն ալ իրաւունք ստացան մասնակցելու Հայաստանի ախոյեանութեան Ա. խումբի մրցաշարքին:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կայքէջը (armchess.am) կ՛աւելցնէ, որ Հայաստան Եւրոպայի աղջկանց ճատրակի 14-րդ անհատական ախոյեանութեան պիտի մասնակցի չորս ներկայացուցիչներով: Անոնք են` Լիլիթ Մկրտչեան, Մարինա Քուրսովա, Լիլիթ Կալոյեան եւ Աննա Հայրապետեան:
Նշենք, որ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 22 յուլիսէն 4 օգոստոս` Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ:
Իսկ ախոյեանութեան մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 75 հազար եւրօ:

