Ֆութսալ. Լիբանան Դարձեալ Յաղթեց Քաթարի

Պատրաստուելու համար 26 յունիսէն 6 յուլիս Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ խաղերուն, Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը, որ իր երկրորդ մրցումը կատարեց Քաթարի դէմ, դարձեալ յաղթանակ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 1-1)` վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:

Լիբանանի յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հասան Զէյթուն, որ նշանակեց երեք կոլերը:

Նշենք, որ քանի մը օր առաջ Լիբանան 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց դաշտին տիրոջ դէմ:

Այս երկրորդ մրցումին Լիբանան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.

Ռապիհ Քահի (բերդապահ), ապա Թարեք Թապպուշ, Քասեմ Քուսան, Քարիմ Ապու Զէյտ, Հասան Զէյթուն, Ալի Թանիշ, Մուսթաֆա Սարհան, Քասեմ Ազզէտտին, Էտմոն Շահատէ, Մոհամետ Քուպէյսի, Մոհամետ Հաժ եւ Հասան Պաժուք:

Իրաւարարներէն երկուքը պահրէյնցի էին, իսկ մէկը` քաթարցի:

 

Share this Article
CATEGORIES